ՀԱՄ – ՀԱՄԲՈՅՐ – ՀԵԶԱՀԱՄԲՈՅՐ
Կաղանդի համադամ ճաշերը համտեսեցինք, կերանք: Համերը լաւ մը իրարու խառնեցինք՝ քաղցրը աղիին, իւղոտը չորին, խմորեղէնը կանաչեղէնին: Ճաշերը լաւ համեմուած էին, հայաստանցիք կը սիրեն մեր համեմունքը: «Ձեր ճաշերը համեղ են», կ’ըսեն յաճախ:
Պէտք է յիշենք, սակայն, որ մեր քիմքը չէ որ միայն համ կ’առնէ, մենք «համ կ’առնենք», օրինակ, Ամանորի երգ ու պար մտիկ ընելով, «համ կ’առնենք» սեղանակիցի մը տպաւորիչ բաժակաճառէն: «Համ կ’առնենք» գեղեցիկ ստեղծագործութիւն մը կարդալով: Բառերուն հետ «խաղ խաղալով» քաղցրահամ լեզուին համը կ’առնենք շատ յաճախ: Կը պատահին երբեմն անախորժ կատակներ. զուարճապատումները, օրինակ, երբեմն «չեն մարսուիր»՝«անհամ» կ’ըլլան: Յաջող ելոյթ, համերգ, ֆիլմ կամ որեւէ նմանատիպ հաճոյք պատճառող ձեռնարկի աւարտին կ’ըսենք. «Ի՜նչ յաջող էր, համը բերանս մնաց»:
Վերջերս, պատերազմներու ու կոտորածներու իրակա՛ն «համը առինք», լաւ մը ճաշակեցինք զանոնք, ապրեցանք: Գիտցանք մանաւանդ, որ անոնք միա՛յն գիրքերու եւ ֆիլմերու մէջ չէ որ կը պատահին: Համը առինք, որ գիտցանք:
Գեղեցիկ ժողովրդական ասացուածք մը կ’ըսէ. «Համբերէ, որ համ բերէ»: Անշուշտ որ համբերանքը կարեւոր է, այլապէս աճապարանքը ամէն տեսակի սխալներու կը յանգեցնէ մեզ, սակայն սպասումն ալ իր չափը ունի, չէ՞, ատենը որ անցնի՝ «Համը հոտը կը փախի»:
Սրամիտ, կատակասէր մարդոց համար կ’ըսենք. «Համով հոտով մարդ մըն է», իսկ մանուկներուն ալ մեր սէրը կ’արտայայտենք .«Ի՜նչ համովիկ է» խօսելաձեւով:
Գաւառաբարբառներուն մէջ ունինք «համռիլ» բայը, որ կը նշանակէ միսին հոտիլը, թեթեւ մը համը փոխելը:
Համը իր համէն զատ ամբողջի իմաստ ալ կ’արտայայտէ: Համին վրայ ակ կ’աւելցնենք, օրինակ, եւ կ’ունենանք՝ համակ: Համ-ով ունինք բարդ բառեր, ինչպէս՝ համապարփակ, համընդհանուր, համապատասխան, համաձայն, համակարծիք, համազգեստ, համալսարան… եւ այլն, չէ՜ , ի՞նչ եւ այլն, ունինք մանաւանդ՝ համբոյրը: Սակայն, համբոյրը բոյրին հա՞մն է, թէ համին բոյրը. կամ՝ համբոյրը իսկապէ՞ս բարդ բառ է, թէ պարզապէս արմատ:
Այս առթիւ եկէք յիշենք Մ. Մեծարենցի գեղեցիկ բանաստեղծական տողերը.
Համբոյրներ կու գան հովէն ու ծովէն,
Համբոյր՝ լոյսէն որ չորս դիս կը ծաղկի… («Սիրերգ», Մ. Մեծարենց)
Հետաքրքրական է ստուգաբանութիւնը այս բառին: Աճառեան կը բացատրէ հետեւեալ կերպով. համբոյրը կազմուած է համ «մի, ամբողջ» եւ բիւր բառերէ: «Հաղորդին Քրիստոսի եւ միմեանց համբուրիւն, քանզի եւ նոյն ինքն ստուգաբանութիւն անուանս զտարացոյց խորհրդոյս մեզ յայտնէ. Համբիւր. համն՝ մի ստուգի, այսինքն թէ բազումքն այսպէս հաղորդեալ, իրերաց միանան» (մէջբերեալ ըստ Հր. Աճառեանի, «Արմատական Բառարան», հ.3, Երեւան, 1926, էջ 25):
Աճառեան շատ հաւանաբար կը մեկնի Պատարագի արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցող խաղաղութեան համբոյրի պահէն, երբ կ’երգենք՝ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ… եկեղեցիս մի անձն եղեւ, համբոյրս յօդ լրման տուաւ․․․»։
Ըստ Աւետիքեանի Քերականութեան (1813, էջ 313 ) համ բոյր կը նշանակէ «մէկ բուրում, մէկ շունչ ունենալը» ( տես Հր. Աճառեան, «Արմատական Բառարան», նոյն տեղը):
Համբոյրը կ’առնեն, կու տան, կը քաղեն, կը դրոշմեն, կը պագնեն, իսկ ժողովրդական բառով՝ պռոշտի կ’ընեն: Հոս փակագիծ մը բանամ hամբուրելու հետ կապուած թուային սովորութիւն մը յիշելու համար, թէեւ համբոյրի այս սովորութեան գաղտնիքը յայտնի չէ ինծի:
Լիբանանցիք կը համբուրեն երեք անգամ:
Հալէպցիք՝ սովորաբար երկու, վերջերս՝ երեք:
Հայաստանցիք՝ մէկ:
Եւ դեռ շարքը կ’երկարի…
Ունինք ծանօթ թեւաւոր խօսք մը, որ կ’ըսէ. «Ձեռքդ ոտքդ համբուրեմ», այսինքն՝ աղերսեմ, խնդրեմ: Մարդկային կեղծ յարաբերութիւններուն ակնարկելով ժողովուրդը «Յուդայի համբոյր» դարձուածքը կը գործածէ յաճախ:
Չմոռնանք «Աջ համբուրել»ը, որ մարդուս կրօնական ջերմեռանդութեան ու հաւատքի արտայայտութիւնն է:
Այսպիսով, եթէ համբոյրը պաչիկն է, այդ պարագային հեզահամբոյր բառին մէջ, որ մարդուս բնաւորութեան մէկ յատկանիշը ցոյց կու տայ, հոն պաչիկը ի՞նչ գործ ունի:
Ըստ Աճառեանի համբոյր բառը իր մէջ միութեան, մտերմութեան եւ ընտելանալու իմաստները կը կրէ:
Համբուրեցուցանել՝ ընտելացնել։
Անհամբոյր՝ անընտել։
Հեզահամբոյր՝ հանդարտ, մեղմ, մեղմաբարոյ, դիւրահաղորդ, մարդամօտ:
Կայ հեշտահամբոյր՝ դիւրին անցնելու ճամբայ, որուն իբրեւ հականիշ ունինք դժուարահամբոյր, որ կը նշանակէ դժուարանցանելի:
Բարեհամբոյր՝ մեղմ, հնազանդ:
Ի համբոյր գալ՝ ընտելանալ, վարժուիլ, խելօքնալ:
Ի համբոյր ածել՝ ընտանեցնել, մեղմացնել:
Համբուրելի նպատակ՝ ցանկալի. «Քու ծրագիրդ համբուրելի է», կ’ըսէ ժողովուրդը: Նոյն ձեւով ունինք՝ «Համբուրելի առաջարկ», որ սքանչելիի եւ հրաշալիի իմաստը կու տայ:
Այս բոլորէն ետք, մաղթենք, որ վերջ գտնեն պատերազմները, այլեւս համը չառնենք կոտորածներու ու աւերներու, համտեսենք լաւ ու գեղեցիկ անակնկալներով լի օրեր, համբուրելի առաջարկներ ստանանք, ըլլանք յաջողակ եւ հեզահամբոյր, եւ երբեք Յուդայի համբոյրներու չհանդիպինք:
Աղբիւր՝ հայերէն blog