Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԼՍՈՂՈՒԹԻՒՆԸ — ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ Թրգմ. ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ

Screen Shot 2020-10-28 at 19.14.52.png

Ես բանաստեղծ չեմ, բայց հայերէն դասընթացքի աշակերտ եմ։ Շատ կը սիրեմ այս լեզուին բառերն ու պատկերները։ Նաեւ արուեստագէտ եմ եւ կը զգամ, թէ ինչպէս մեր միտքը անուն կու տայ այն բաներուն, զորս կը տեսնենք կամ ինչպէս կը փորձենք պատկերել այն բաները, որոնք մեր միտքին մէջ դեռ անուն չունին։ 

Այսպէս բախտաւոր դիպուած մը եղաւ, երբ ուզեցի փորձ մը կատարելով թարգմանել Գրիգոր Պըլտեանի «Լսողութիւնը»։ Խիտ ու փիլիսոփայական փորձագրութիւն  մըն է, տեսակ մը գրուածք, որ կ՚ուզես կարդալ դարձեալ ու դարձեալ։ Երբ որ զգաս թէ մէկ նախադասութեան կամ հատուածին իմաստը հասկցար, քեզմէ հեռու կը սահի ան եւ ինքզինքդ նորէն կը գտնես կորսուած միտքերու մէջ։ 

Ինչպէս որ վերնագիրը կը յայտնէ, նիւթը լսողութեան մասին է, ինչպէ՞ս կը լսենք, ինչպէ՞ս բառերը կ՚երեւին ու կը փախչին, ինչպէ՞ս հեռուէն ձեւ կ՚առնեն անոնք եւ ինչպէ՞ս կը մօտենան մեզի։

Նաեւ կարեւոր է որ հոս նշեմ, թէ ես թարգմանիչ չեմ։ Բառարանի օգնութեամբ, բաւական ճիգով կը փորձեմ կարդալ, հասկնալ ու իմաստները առաջ բերել։

Ծայրէ ծայր, կը զգաս, որ Պըլտեանը գրեթէ արուեստի խնդիրներ առաջ կը քաշէ, ոչ թէ միայն բառերու ու բանաստեղծութեան։Կարելի է նաեւ երբեմն փոխարինել «բառ» բառը «նկար»ով եւ նոյնանման հարուստ իմաստ մը ստանալ։

Ահաւասիկ  իր փործագրութիւնէն մասեր, զորս թարգմանեցի.

***

Բառերը կը լսենք։
Ի՞նչ է լսելը այստեղ, երբ անոնք լռութիւն են, երբ կը գրուին կը լռեն։ Բայց կարդացողը, մերթ մտովի մերթ բարձրարձայն, կը յօրինէ կրկին ձայները, կը միմէ պիտի ըսէի, կը մտմտայ, կը գտնէ անոնց մէջ ինչ որ կը նշեն… Ձայնը որ կը լսես տարածական է, պէտք ունի միջոցին ու ժամանակամիջոցին, որպէսզի տրուի, կազմուի, աճի, որպէսզի արձագանգէ։

We hear the words.

What is hearing here? when they are silence, when they are written they become silent. But the reader, sometimes in their mind, sometimes aloud, recreates sounds. I was going to say mime, reflect, find inside them, what they symbolize... The sound which you hear is expanding, it needs ways and time, to give itself, to form, to grow, in order to echo.


Երբ բառերը պակսին, այն ատեն զանոնք իսկապէս կը լսես, ո՛չ որոշ, յստակ, այս կամ նա բառը, այլ անորոշ, տարտամ, ընդհանուր կապեր, կապակցութիւններ, ձայնային միաւորներ, կարծես նախադասութիւններ առանց իրացեալ խտութիւններու, առանց իմաստի, առանց որեւէ դիտումի եւ դիտաւորութիան, իբր երբեք չկազմաւորուած երաժշտական մոթիֆ մը։

When words escape you, it is at that time that you truly hear them, imprecise, unclear, not this or that word, but indistinct, wavering, vague connections, relations, without meaning, singular sounds, you think of sentences without density, without meaning, without any observation or intention, as if it was an unformed musical motif.

 
Բայց բառերը կը լսուին լռութեան մէջ կամ աղմուկին, սրճարանի ժխորին մէջ կամ հինգերորդ յարկի առաւօտեան, երբ կը դնես ձեռքերդ սեղանին, երբ դուն քեզ կը յանձնես, կ՚ընծայես այդ բացակային որ լեզուն է։ Լսելը այն ատեն հետեւիլ է գիծի մը, մրմունջի մը, ոգեկոչումի մը, որ կոչ կ՚ընէ քեզի, կը կանչէ գրեթէ։ Եւ բառերը մէկէն կ՚արթննան, գոյն ու ձեւ կը հագնին, կը դառնան շօշափելի, կը հնչեն ու կը շնչեն։ Սակայն, սակայն.... չեն երեւիր։

But words are heard in silence or in noise, in the confusion of the coffee shop or in the mornings on the 5th floor, when you put your hands on the table, and submit yourself, you offer that absence which is language. Listening then is following a line, to a murmur, to an incantation, which invites you, almost calls to you. And at once the words awaken, they wear colors and styles, they become tangible, they sound and they breathe. But, still, they don’t appear.


Բառերուն կը մօտենաս բառերով, միշտ քեզմէ առաջ են անոնք, արդէն կը կանխեն քեզ, կը տրամադրեն քեզ քեզմէ դուրս, քեզմէ դուրսին կը պատշաճեցնեն քեզ, այնպէս մը որ կը քաշուին, կը սքողուին, կ՚անհետանան նոյն ատեն, կարծես թէ չկան, գրեթէ չկան։

Բառերը պէ՛տք չէ ըլլան, որպէսզի ըլլան։

You get closer to words with words, they are always ahead of you, they already anticipate you, they encourage you outside yourself, they adjust to you outside of yourself, in a way that they pull, they conceal, at the same time they vanish, you think they are not there, basically not there. Words must not be in order for them to be.


Ինչ որ կը կոչուի գրել կամ բանաստեղծութիւն հաւանաբար բառերուն զուարթ, ցնծալից ու վերացնող լսողութիւնն է, այն որ բառերը կը դարձնէ մատչելի մտքին, որովհետեւ ըսելի, ամբողջովին ըսելի։ Ինչ որ կը լսես այն ատեն, անոնց պատմութիւնը չէ միայն, այսինքն խօսքին պատմութիւնը, բոլոր խօսքերուն դրուագները - խօսքերը դրուագներ են, դէպքեր, յաջորդական, մօտաւոր, վերսկսելի - այլ աշխարհը որ կու գայ քեզի անոնցմով, աշխարհը որ կու գայ բառերուն ընդմէջէն…

Whatever is called writing or poetry, likely wordplay, is joyful and exalting to hear, that which turns words accessible to the mind, because it is saying, fully saying. Whatever you hear at that time, it is not only their story, that is to say the spoken story, but all spoken episodes, speech is episodes, events/adventures, successive, adjacent, recommenced - instead it is the world that comes to you with them, a world that comes between words…


Բայց բառերը անշուշտ բան ըսելու համար են, բանը նորէն ու նորէն բերելու, մտաբերելու համար են, զայն դնելու կրկին ու կրկին անգամ ստեղի վրայ...

But words are of course to say things, to bring forth a thing again and again, to recall, to place themselves again and again in the right here...


Չես գիտեր ինչո՞ւ որոշ բառեր կը խօսին քեզի աւելի քան ուրիշներ, ի՞նչ նախատրամադրութիւն քեզ կը լծարկէ անոնց։ Առեղծուած որով կը սնանի բանաստեղծութիւնը, անկասկած։

You don’t know why some words speak to you more than others, what predisposition ties you to them. An enigma with which poetry nourishes itself, certainly.

 
Ի՞նչ կը խօսին բառերը, երբ խօսին։ Իրենց մտերմութի՞ւնը, իրենց օտարութի՞ւնը, թէ՞ էական նախալեզուն…

What do words speak when they speak? Their intimacy, their foreignness, or their essential primary language…

 

ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ

28 Հոկտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ՈՐՍՈՐԴԸ ԵՒ ԹՌՉՈՒՆԸ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-21 at 20.46.39.png

Օր մը, որսորդ մը գեղեցիկ դեղին թռչուն մը որսաց։ Որովհետեւ շատ գեղեցիկ էր, որսորդը թռչունը իրեն հետ տուն տարաւ։ Վանդակ մը շինեց, յետոյ ալ ջուր եւ հատիկ տուաւ անոր։ Ամբողջ տարի մը թռչունը այդ վանդակին մէջ ապրեցաւ։ Բայց ամէն գիշեր, երբ որսորդը տուն երթար, կը լսէր թռչունին հառաչը. «Ա՜խ, հայրենիք»։ 

– Վերջապէս օր մը տէրը ըսաւ. «Թռչո՛ւն, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր է քու Հայրենիքդ, որուն կարօտը կը քաշես դուն այսպէս վշտագին»։ 

– Երթա՛նք, քեզի ցոյց տամ,- պատասխանեց թռչունը։ 

Որսորդը վանդակին դուռը բացաւ եւ թռչունը թռաւ, որսորդն ալ թռչունին ետեւէն քալեց։ Մէկ ամիս այսպէս պտտեցան, մինչեւ որ հասան թռչունին հայրենիքը։ Թռչունին հայրենիքը շատ տաք, ամայի, չոր եւ անբերրի վայր մըն էր։ Թռչունը նստաւ պզտիկ ծառի մը վրայ ու ըսաւ. «Այս է հայրենիքս»։ 

Այս առակը կը սորվեցնէ մեզի, որ քու ունեցածդ, ինչ որ ալ ըլլայ, շատ աւելի արժէքաւոր է, քան օտարինը։

21 Հոկտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԱՐԴԷՆ ԵՐԵՔ ՇԱԲԱԹ Է - ՓԱԹԻԼ ՔԻԼԷՃԵԱՆ, Թրգմ. ՄԵՂՐԻ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-21 at 20.08.34.png

Երեք շաբաթ արցունք։

Երեք շաբաթ կանչ։

Երեք շաբաթ անքուն գիշերներ։

Երեք շաբաթ մահ, աւերում, սպառում։

Երեք շաբաթ ոչ ամբողջապէս ներկայ։

Երեք շաբաթ ցոյցեր եւ աղերսագրեր։

Երեք շաբաթ լումայական նուիրաբերում 

Երեք շաբաթ անդադրում փոստեր։

Երեք շաբաթ աղաչանք։

Երեք շաբաթ անտեսում։ 

Անգլերէնէ թրգ.՝ Մեղրի Տէր Վարդանեանի

21 Հոկտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ՍԻՐԵԼԻ՛ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ - ՄԵՂՐԻ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-13 at 21.07.26.png

Գաղտնիք մը ունիմ։ Երբ պզտիկ էի, քնացած ատենս վերմակիս մէջ կը պահուըտէի ինքզինքս պաշտպանելու համար։ Այնքան որ լսած էի մեր պապերուն պատմութեան մասին։ Կը խորհէի, որ իմ ընտանիքիս եւ ընկերներուս ալ պիտի առեւանգէին թուրքերը։Ինքզինքս հանգստացնելու համար կը յիշէի, որ հայ ժողովուրդը վախկոտ չէ, այլ ընդհակառակը գիտէի, որ դուն չէիր արտօներ, որ այդպիսի բան ըլլար, ու վերջապէս կը քնանայի։

Հիմա, մեծնալէս ետք, անշուշտ գիտեմ, որ Ամերիկա Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ըլլալով հայ գաղութը հոս ապահով է, սակայն հանգիստ չենք զգար, որովհետեւ մեր հայրենիքը տակաւին ապահով չէ։ Վստահ եմ, որ դուք ձեր բոլոր ուժով պիտի կռուիք պաշտպանելու մեր ազգն ու հայրենիքը, եւ մենք միշտ հպարտ ենք ձեզմով։ Մարդ չի հասկնար կամ ըմբռներ ձեր կրած դժուարութիւններուն չափը, մինչեւ որ ինք եւս ականատես ըլլայ անոր։ Ատոր համար, միշտ կը մտածեմ. արդեօք ի՞նչ կ՚անցնի ձեր միտքէն կռիւի պահուն, կամ թէ  ինչպէ՞ս կ՚անցնէք ձեր ժամերը ընդհանրապէս։ 

Թերեւս մեր հայոց լեռներուն մէջ կրակի շուրջ հաւաքուած «Ինչքան պէտք լինի կը կռուենք այսպէս, հայ ազգի համար, ախպերս ու ես» երգելով է որ կը փորձէք ոգեորուիլ եւ պատրաստուիլ յաջորդ օրուան։ Թերեւս, ձեռք-ձեռքի բռնած «Մշոյ խըր» կը պարէք եւ «Եարխուշտայի» ժամանակ  իրարու ձեռք կը թօթուէք, որ թշնամին լսէ որ հայը պատրաստ է։ Թերեւս կենաց կը խմէք՝ ի յիշատակ զոհուած լաւ տղոց, որոնք տակաւին քանի մը օր առաջ նոյն դիրքը, նոյն սահմանը եւ նոյն հողը կը  պաշտպանէին, սակայն թշնամիին չարագործութիւններուն զոհը դարձան եւ յաւերժացան մեր յիշողութիւններուն մէջ, որովհետեւ արիւնով պահեցին արիւնով ազատագրուած հայրենիքը։ Թերեւս կը մտածէք անոնց մայրերուն մասին, որոնք տունը անքուն՝ կը սպասէին իրենց զաւակին վերադարձին, կամ զոհուած հօր որդւոյն մասին, որ դատապարտուած է որբութեան, սակայն հպա՛րտ որբութեան, քանի զաւակն է հերոսի։ 

Թերեւս զօրամասիդ հրամանատարը պահակութեան դիրք ուղարկեց քեզ եւ դուն անքուն պիտի հսկես մեր սահմանները, որ մենք հանգիստ քնանանք, կամ թերեւս դուն ես հրամանատարը։

Սիրելի՛ հայ զինուոր, եթէ օր մը կարդաս այս նամակը, գիտցիր որ եօթը տարեկան Մեղրիին եւ քսաներկու տարեկան Մեղրիին հանգիստ քնանալը միայն ու միայն քու քաջութեանդ եւ անձնազոհութեանդ շնորհիւ է։ 

13 Հոկտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԳԻՒ՞Ղ ԹԷ ՔԱՂԱՔ - ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ

Գիւղը եւ քաղաքը երկուքն ալ ապրելու լաւ տեղեր են։ Գիւղին մէջ կրնաս աճեցնել պտուղդ եւ բանջարեղէնդ, բնութիւը քու պարտէզդ կ՚ըլլայ։ Խաղաղ է եւ բնութիւնը առատ է, բայց քաղաքին մէջ աւելի ընելիք բաներ կան։ Կը կարծեմ, որ աւելի լաւ է, որ քաղաքին մէջ ապրիս երբ երիտասարդ ես, որովհետեւ աւելի լաւ ժամանակ կ՚անցընես ընկերներուդ հետ. կրնաս, օրինակ, գիշերային ակումբ երթալ, գործ գտնել, դրամ շահիս, եւ ուտել ճաշարաններու մէջ։ Քաղաքը աւելի կեանքով լեցուն է եւ երիտասարդութիւնդ հոն կ՚ուզես անցընել։ Բայց երբ որ ծերանաս, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ գիւղի մէջ ապրիս, որովհետեւ աւելի հանդարտ է։ Գիւղին մէջ աւելի ժամանակ կրնաս անցընել ընտանիքիդ հետ։  Քովիտի օրերուն, մանաւանդ, գիւղին մէջ ապրիլը աւելի ապահով է։ Թէեւ քաղաքի կեանքը աւելի կը սիրեմ, բայց չեմ կարծեր, որ մէկը միւսէն աւելի լաւ է։ Կը նախընտրեմ երկուքին մէջ ալ ապրիլ։  

13 Հոկտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ՔԱՂԱ՞Ք ԹԷ ԳԻՒՂ- ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

maxresdefault.jpg

Քաղաքին մէջ շատ մարդ կայ, անոր համար կրնաս շատ մարդոց ծանօթանալ։ Գիւղին մէջ շատ մարդ չկայ եւ անոր համար շատ ձայն չկայ։ Քաղաքին մէջ շատ ծառ չկայ, անոր համար եթէ գիւղ ապրիս՝ շատ ծառ կրնաս ունենալ եւ թարմ պտուղ կրնաս ուտել։ Գիւղին մէջ շատ ձայն չ՚ըլլար երբ քնանաս, բայց քաղաքին մէջ շատ ձայներ կ՚ըլլան դուրսը եւ դուն արագ չես կրնար քնանալ հոն։

Ինծի համար գիւղին եւ քաղաքին միջեւ ընտրութիւն կատարելը դժուար է։ 

13 Հոկտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ - ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-13 at 19.14.49.png

Սիրելի զինուոր,

Շատ շնորհակալ եմ, որ մեր Արցախը եւ Հայաստանը կը պաշտպանէք: Յուսամ որ առողջ էք եւ կը յաղթէք պատերազմը: Շատ կը ցաւիմ, երբ մահուան լուր կ՚առնեմ։ Ամերիկայէն ինչ որ կրնանք՝ կ'ընենք, դրամ եւ դեղորայք կը ղրկենք: Ամէն տեղ ցոյց կայ եւ ես կը մասնակցիմ:

Սիրով՝
Սարհատ Մելքոնեան

13 Հոկտեմբեր 2020

                                                                                                   

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԵՐԸ- ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-13 at 19.47.52.png

Նենսի Գրիգորեանը ամերիկահայ գրող է, արուեստագէտ եւ հասարակական գործիչ։ Հեղինակ է երեք վէպերու՝ ‘’Zabelle’’  (1998), ‘’Dreams of Bread and Fire’’ (2003) եւ ‘’All The Light There Was’’ (2013)։

Նենսին նաեւ «Սահուն արեւմտահայերէն» https://www.westernarmenian.me/ դասընթացքի աշակերտներէս մէկն է,  որ չորս տարիէ ի վեր, փութաջանութեամբ, շաբաթական մէկ ժամով կը հետեւի դասերուն։ Ան ամէն շաբաթ կը գրէ մանր պատումներ եւ յուշագրութիւններ։ Վարի յօդուածէն շատ մը մասեր նոյնպէս իբր դասի պարտականութիւն գրած է հայերէն։ Իսկ այս մէկը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք, անգլերէնով պիտի հրատարակուի Թեքսասի համալսարանի մամուլի «Ծաղկաքաղ Սփիւռքահայ Ձայներու» սիւնակին մէջ։   Յօդուածը կը վերաբերի հայութեան եւ հայերէնի իր փորձառութեան, իր ներքին բախումներուն, ճշմարիտ ապրումներուն եւ յոյզերուն։

 Ս․ Մ․ Տ․

 Ուաթըրթաունի մեր տունը երկու մուտք ունէր. առջեւի դուռը Ուոլնաթ փողոցին կը նայէր, իսկ ետեւի դուռը՝ Լինքոլնին։ Մենք կ՚ապրէինք Լինքոլնի նայող փողոցին վրայ, ուր ետեւի բակին մէջ հայրս բանջարեղէններ կ՛աճեցնէր ու մեծ մայրիկս կը խնամէր ծաղկանոցն ու անթառամ ծաղիկները, ինչպէս՝ եասամաններ, ոսկեզանգ (լատ.՝ forsythia), բռնչի (լատ.՝ viburnum), երկու տեսակի դրախտավարդազգիներ ու երեք տեսակի վարդեր։ Կային երկու տանձենի, դեղձենի եւ որթատունկ մը, որ կը թափառէր տունն ի վեր եւ կը բարձրանար մինչեւ երկրորդ յարկի պատշգամի պատը։

Այս այն պատշգամն էր, ուր մեծ մայրս կը պահէր իր թթուաշի բղուկները ջնարակապատ սեղանին տակ։ Գարուն, ամառ թէ աշուն, ան կը նստէր բազմոցին ու հոնկէ կը դիտէր բակն ու դրացիները։ Բացի տան ետեւը գտնուող փայտէ եզրով կախուած լուացքի թելէն, մեծ մայրս պատշգամի տրապիզոնին վրայ չուան կախած էր՝ չորցնելու համար անձեռոցներն ու հագուստները։ Ան փայտէ լաթակալները կը պահէր տոպրակի մը մէջ, զոր պատրաստած էր իմ մանկութեան հագուստիս կտորով։ Կտորին եզերքը դարձուցած կարած էր եւ մետաղէ կախիչով մը զայն կախած էր այդ չուանէն։

Լինքոլն փողոցին վրայ ապրող շատ մը ընտանիքներ հայ էին, ինչպէս՝ Մասոյեան, Մուշեղեան, Գազանճեան, Գասպարեան, Գրիգորեան, Մխճեան եւ Կայծակեան։ Օտարները մեծ մայրս անունով չէր կանչէր, այլ անոնց ազգութիւնները յիշելով. ինչպէս՝ յոյն, իրլանտացի, իտալացի եւ փորթուկալցի…։ Շրջակայ տուներէն շատերը շինուած էին ընդհանրապէս մէկ ընտանիքի համար, սակայն մերը՝ երեք յարկանի, երկու ընտանիքի համար նախատեսուած տուն էր. հայրս ու իր քոյրն ու եղբայրները մեծցած էին վերի երկու յարկերուն մէջ։ Երբ փոքր էի, մեծ մայրս եւ փոքր հօրեղբայրս (որ ամուսնացած չէր) հոն կ՚ապրէին, իսկ իմ ծնողներս, քոյրս եւ ես կ՚ապրէինք առաջին յարկը։

Երկու տարբեր ընտանիքներ էինք, երկու անկախ մասերով։ Թէեւ ներքնայարկը կային երկու անջատ լուացքի մեքենաներ. մէկը մեծ մօրս, միւսը՝ մօրս համար, սակայն մենք մէկ ընտանիք կը համարուէինք եւ քոյրս ու ես վերի յարկը կ՚ելլէինք ու նստասենեակը մեծ մօրս հետ կը դիտէինք հին «Shirley Temple»ի ֆիլմերը, կամ ալ իր ետեւի պատշգամը կ՚ելլէինք եւ ձմերուկ կ՚ուտէինք ու կուտերը կը թքնէինք սկիւռիկին վրայ, որ ծառին վրայ ելած տանձ կ՚ուտէր։ Երկրորդ յարկը ուրիշ պատշգամ մըն ալ կար, որ տան առջեւի կողմին կը նայէր եւ ես երբեմն հոն կը նիրհէի, կամ գիրք կը կարդայի, որովհետեւ շատ լուռ տեղ էր եւ Եղեւինին շուքը կ՚իյնար պատշգամին վրայ։

Մեծ մայրս երբ ուզէր տղան կանչել, երկար կոթով աւելը կ՚առնէր եւ թախ-թախ զարնելով տան ներքին պահարանէն հօրս կը պոռար. «Էտի՜». հայրս կը պատասխանէր. «Ի՞նչ կայ, Մա՛», ան կ՚ըսէր. «Դոյլը կը ղրկեմ»։ Ու

ես եւ քոյրս կը վազէինք մեր պատշգամին ետեւ՝ տեսնելու համար, թէ ինչպէս ան վար կ՚իջեցնէր կերպնկալէ դոյլը (որ կախուած էր լուացքի թելին), որուն  մէջ կային թարմ մածուն, նոր թխած չէօրէկ, կամ տոպրակ մը լեցուն մանթը։

Մեր ընտանիքը կը յաճախէր Ուոթըրթաունի Արլինկթըն փողոցին վրայ գտնուող Միացեալ Հայկական Եղբայրներու եկեղեցին։ Եկեղեցին կառուցուած է 1938-ին Կիլիկիայէն եկած հայերու կողմէ, որոնք ջարդի վերապրողներ էին։  Առաջնորդն էր պատուելի Վարդան Պէլիզիքեան, որ առաջնորդած է մինչեւ 1950ականներու սկիզբ։ Մեծ հայրս Լեւոն Գրիգորեան, որ Ուոթըրթաուն քաղաքի Ս. Յովհաննէս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մէկն էր, 1930ականներուն դարձած է աւետարանական եւ եղած է Եղբայրութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մին։

Մեծ հօրս ողջութեան, ընտանիքս եկեղեցւոյ նստարանին աջ կողմի երկրորդ շարքը կը նստէր, սակայն աւելի ուշ, երբ մեծ հայրս մահացաւ եւ քոյրս ծնաւ,  անցանք ետեւէն երկրորդ շարքը։ Այս երկրորդ դիրքին վրայ Ամիրալեանները մեր ետեւի շարքը կը նստէին, իսկ Յարութիւնեաններն ալ՝ մեր առջեւը, Իսկ Պէլիզիքեանները միջանցքին միւս կողմը։ Երբ եօթը տարեկան եղայ, այս եկեղեցին վերակոչուեցաւ Ուոթըրթաունի Աւետարանակչական եկեղեցի՝ Վերապատուելի ունենալով վերակացու Դաւիթը, որ եկած էր Միացեալ Նահանգներու հարաւային շրջաններէ եւ որուն քարոզները շատ նման էին Պիլի Կրահամին առինքնող ճառերուն։ Սեւ գլխարկներով եւ կապուած մազերով հայ այրիներ, որոնք առջեւի շարքը կը գրաւէին, ցած ձայնով կը միանային պատուելիին շարականներու երգեցողութեան։

Նախակրթարանի տարիներուս, մօտիկ ընկերներս հայ էին։ Նախանձով կը դիտէի Երկուշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերը, դպրոցէն ետք, անոնց վազքը դէպի հայերէնի դասերուն, որոնք տեղի կ՚ունենային Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ կից գտնուող մշակութային կեդրոնին մէջ։ Մեծ մայրս առաջարկած էր վճարել հայերէն դասիս ծախսերը, սակայն մայրս, որ ֆրանսացի-գանատացի էր, առանց բառեր արտասանելու, յստակօրէն հասկցուցած էր, որ ինք կը նախընտրէր այդ առաջարկը մերժելս։ Մայրս բնաւ հայերէն չսորվեցաւ, հակառակ որ կ՚ապրէր նոյն տան մէջ, ուր մեծ մայրս եւ մեծ հայրս իրարու հետ հայերէն կը խօսէին։ Վերջերս իրեն հարցուցի, թէ ինչո՛ւ հայերէն չէ սորված, ան պատասխանեց. «Անոնք չէին ընդունած զիս, որովհետեւ ես հայ չեմ, եւ ես չէի ուզեր գիտնալ, թէ ինչ կը խօսէին իմ մասիս»։

Հօրս առաջին լեզուն հայերէնն էր, բայց մանկապարտէզին անգլերէնէն աւելի թրքերէն խօսած է, որովհետեւ հօրենական մեծ մայրը, որ միայն թրքերէն կը խօսէր, կ՚ապրէր նոյն ընտանիքին մէջ։ Մօրս առաջին լեզուն ֆրանսերէնը եղած է, բայց ան ամօթանք կը ստանար ամէն անգամ, երբ ֆրանսերէն խօսէր նախակրթարանին մէջ, սակայն յետոյ, ութը տարեկանին, երբ որբանոց ղրկուած էր, գրեթէ կորսնցուցած էր գիտցածն ալ։

Իսկ ես, գիտէի քիչ մը հայերէն, գիտէի նաեւ շատ մը տասնեակ հայերէն բառակապակցութիւններ եւ անկապ բառեր։ Մեծ մայրս սորվեցուցած էր ինծի հայերէնով մինչեւ տասը համրել, անկէ անդին, որոշակի արտայայտութիւններ ե՛ս սորվեցայ՝  անընդհատ  լսելով զանոնք։ Կը հասկնայի մեծ մօրս հրահանգները. «Դգալ մը շաքար տո՛ւր, դուռը գոցէ՛, լոյսը բա՛ց,  ա՛ռ ասի, հո՛ս եկուր, հո՛ն նստիր, հո՛ն կեցիր, քալէ՛, վազէ՛, արագ ըրէ՛, կամաց քալէ՛»։ Այս բոլորը կը հասկնայի, առանց գիտնալու լեզուն։ Իսկ երբ հօրեղբօրս «Դդում գլուխ» կ՚ըսէր, կը հասկնայի, որ ամօթ բառ մըն է, եւ երբ «ամօթ քեզի» ըսէր, կը գիտնայի, որ սխալ բան մը ըրած էի եւ այդ սխալը ընդհանուր առմամբ գիտէի, որ կը վերաբերէր վարտիկիս եւ ոռիկիս, որոնք յաճախ պալէի տարազներուս տակէն կ՚երեւէին։ Ան նոյնը կ՚արտայայտուէր նաեւ անգլերէնով. «Cover your shame» (ամօթդ ծածկէ) կրկնելով։

Իր անգլերէնը ծանր հնչեղութիւն ունէր եւ՝ շատ քերականական ու արտայայտչական սխալներ։ Ամօթէս կը կծկուէի, մտածելով որ ընտանիքէս դուրս, մէկը իր սխալները կրնար լսել, մասնաւորաբար սխալ գործածութիւնը անձնական դերանուններու «he» եւ «she»ի։ Օր մը ըսաւ ինծի. «Your mother, he is not a lazy woman» (մայրդ ծոյլ մէկը չէ)։ Չէի հասկցած, թէ դերանուններու սեռի տարբերութիւնը ինչո՞ւ հարց պիտի ըլլար մեծ մօրս համար։ Ան նաեւ ինքնաշարժի ապակիի սրբիչին «wipers»ին «vipers» կ՚արտասանէր, եւ փոխանակ «throw» ըսելու «trow», ինչպէս օրինակ՝ «trow dees een dee ash barrel» կ՚ըսէր։

Կը սիրէի հայ մեծ մայրս, սակայն կարելի եղածին չափ կ՚ուզէի ըլլալ ամերիկացի։ Երբ տասը տարեկան էի, կը փափաքէի ըլլալ ճերմակ Անկլօ Սաքսօն աւետարանական, որ ունենար պարզ եւ ուժեղ մականուն մը, որպէսզի գաղթականի ինքնութիւնս յայտնի չընէր։ Հայկական դպրոց չերթալուս միւս պատճառ ալ այս էր, ահաւասիկ։ Ինքզինքս հեռու պահեցի նոր հասած պէյրութահայ փոքրիկներէն իրենց հագուածքի եւ արտասանական տարբերութիւններով։  Ուրիշ փոքրիկներ, մասնաւորապէս՝ իրլանտացի ու իտալացիներ (որոնց ճերմակամորթ ըլլալը յարաբերաբար վերջերս հաստատուած էր) կը վարկաբէկէին հայերը կոչելով «F. Օ. B.», որ յապաւումն է fresh off the boat (նաւէն դուրս ելած, այսինքն՝ գաղթականներ)։ Օր մը դպրոցէն վերջ, ինքնաշարժները կայանելու տարածքին մէջ, տեսայ փոքրիկներու խումբով շրջապատուած Տանա անունով աղջնակ մը, որ ապտակեց անճաշակ հագուստով գաղթական աղջիկ մը, պարզապէս անոր համար, որ անունը ամերիկեան անուն չէր, այլ՝ Փըրլին։

5-րդ դասարանիս, մեր ուսուցիչը խնդրեց, որ իւրաքանչիւրս իր ազգային ծագումը ներկայացնող տնական ճաշ մը տանի դպրոց։ Մեծ մայրիկս, որ շատ լաւ եփող էր, պատրաստեց Ղուրապիա եւ մեծ խնամքով շարեց մոմէ թուղթով ծածկուած տուփի մը մէջ։ Երբ դպրոցի ճամբան բռնած՝ թխուածքը ձեռքս կը քալէի, տեսակ մը երկիւղ զգացի. վստահ էի, որ հայ դասընկերներս շատ պարզ բան պիտի գտնէին տարածս, իսկ ամերիկացիները ի տարբերութիւն իրենց ճաշամաններուն մէջ դրուած «Oreos and Chips Ahoy»-ներէն, տարածս անհամ եւ անախորժելի պիտի գտնէին։ Ղուրապիան պահեցի պահարանիս մէջ, որովհետեւ գիտէի, որ չեմ կրնար հետս տուն բերել։ Քանի մը օր ետք, նետեցի աղբամանը։

Կը յիշեմ, որ ցնցուած էի, երբ իրլանտացի տղայ մը Հաուի անունով, որ աւելի աղքատ թաղամասի բնակիչ էր, օր մը «Ուղտ քշող հայ» եւ «գորգ ծեծող հայ» կոչեց զիս։ Հաուին անսխալ անգլերէնէս եւ  Jordan Marsh յայտնի խանութէն ընտրուած հագուստներէս անդին կը տեսնէր։ Ան տեսակ մը մոգականութեամբ կ՚ենթադրէր, որ իմ մեծ մայրս կտրուկ անգլերէն կը խօսէր եւ հայրս կու գար մսավաճառի մը քովէն չորցած արիւնը թեւերուն վրայ, համպըրկըրի կտորներով, իսկ փայտի թեփերը՝ կօշիկին կարերուն մէջ։

Երկրորդական վարժարան յաճախած տարիներուս, սկսայ ֆրանսերէն դասի հետեւիլ։ Մեծ մայրս պատմած էր ինծի, որ ինք աքսորէն վերջ, ֆրանսերէն սորված էր որբանոցին մէջ. “Comment allez-vous?” (ինչպէ՞ս ես), կ՚ըսէր ինծի։  Այս նաեւ իմ մօրս առաջին լեզուն էր։  Թէեւ միակ արտայայտութիւնը, որուն ես ականջալուր եղած եմ, Նիու Հեմշիր հիւղակի մեր ամսական այցելութեան ընթացքին էր, ուր անկողինին ծառայող հայրը կը գոռար բարկացած լեզուով մը, որ ես չէի հասկնար եւ մօրենական զարմիկներս մօրս կը դիմէին “Ma tount’’ ըսելով։

այդ ֆրանսերէնը եւ դպրոցի ֆրանսերէնը երկու տարբեր բաներ էին։ Այդ ժամանակ ֆրանսերէնը բարձր դասակարգի լեզու կը համարուէր եւ լուրջ աշակերտները կ՚ուսանէին։ Բարձրակարգ կը համարուէր, մանաւանդ, մեր դպրոցական արշաւը դէպի Պոսթընի Նիւպէրի շրջանի «Du Barry» ճաշարան, ուր  ի միջի այլոց սարսափած էի, որովհետեւ հոն էր, որ տեսած էի, թէ ինչպէս մարդիկ խխունջներ, գորտի ոտքեր եւ նապաստակ կ՚ուտէին։

Ուոթըրթաունի երկրորդական վարժարանիս մէջ տիկ. Եագուպեան որոշեց հայերէնի դասեր տալ մեզի, բայց ոչ ոք մեր քոլէճի ուսանողներէն, զորս կը ճանչնայի,  արձանագրուեցաւ այդ դասերուն։ Լաւ յարաբերութիւն մշակեցի ֆրանսացի ուսուցիչ՝ Պարոն Քրէկին հետ, որ ունէր մօրուք եւ ֆրանսական գլխարկ ու ակնարկութիւններ կ՚ընէր համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին իր խորհրդաւոր չարչարանքներուն մասին։ Գիրքեր կու տար կարդալու Ճէն Փօլ Սարթըրէն եւ ես երբեմն կը մնայի դասէն ետք՝ ֆրանսական գոյութենապաշտութեան մասին իրեն հետ զրուցելու համար։ Արհամարհելով ֆութպոլ քաջալերող հակամտաւորականները, ան կ՚ըսէր ինծի. «Դուն եւ ես մտաւորականներ ենք…»։

Կ՚ուզէի փախչիլ Ուոթըրթաունի երկրորդական վարժարանէն եւ այն աղջիկներէն, որոնք ֆութպոլի հաւաքական խաղերուն կարմիր եւ ճերմակ փոմփուլներ բռնելով կը պարէին։ Յոգնած էի եկեղեցւոյ ծեր հայ կիներէն, որոնք աչքի ծայրով հագուստիս կարճ ըլլալուն կը նայէին։ Կ՚ուզէի գտնել ուրիշ մարդիկ, որոնք կը կարդային «Քարամազով եղբայրներ»-ը։

Երբ քոլէճ գացի, որ մեր տունէն երեք ժամ հեռու էր, սկսայ հագնիլ լայն տաբատներ, կոճակով շապիկներ եւ «Fair Isle» մակնիշի գազակներ, միամտաբար հաւատալով, որ այդպէս հագուելով աւելի լաւ ձեւով քօղարկուած կ՚ըլլայի, բայց թերեւս մեծնալս էր պատճառը, կամ մեծահարուստ ամերիկացի ընկերոջս մէկ խօսքն էր, որ կ՚ըսէր թէ այդպիսով մէկու մը չէի կրնար խաբել, թերեւս ալ իմ Թուլուզ ապրիլս էր pied noir ընտանիքին հետ, երբ արտասահմանեան ուսման ծրագիրով մեկնեցայ հոն…, սակայն իրականութիւնն այն էր, որ  քոլէճի երկրորդ տարին, ես զիս շատ աւելի հայ կը զգայի, քան երբեւիցէ։

Մեծ մօրս հետ հարցազրոյց ըրի, բանաւոր պատմութեան ծրագրի մը համար, որ իբր պարտականութիւն յանձնարարուած էր մեզի, նիւթ ունենալով՝ «Մայրերն ու դստերը գրականութեան մէջ»։ Նստելով երկրորդ յարկի պատշգամը, որթատունկի շուքին տակ, մեծ մայրս պատմեց ինծի պատմութիւնը իր ընտանիքին, թէ ինչպէս բոլորը վտարուեցան Մերսինէն տեղահանութեան եւ ջարդի ժամանակ։ Առաջին անգամն էր, որ ան ընտանիքին մէջ մէկու մը կը պատմէր իր ծնողքին մահուան մանրամասնութեան եւ իր գոյատեւման մասին։ Ընտանեկան եւ ազգային խոցելի պատմութիւնը տարածուած էր այն օդին մէջ, զոր ես կը շնչէի՝ հասակ առնելով Ուոթըրթաունի հայկական համայնքին մէջ, ուր մինչայդ այդ մասին ոչինչ արտայայտուած էր։ Մեծ մօրս ձայնը հիմա ականջիս մէջն է պատմութիւնը պատմած ատեն. պատմութիւն, որ բեռ եւ ժառանգութիւն է միանգամայն։

Մեծ մայրս մահացաւ Նիւ Եորքի մէջ, համալսարանիս առաջին տարուան վերջերը։ Այդ ամառ զրուցելու միտումով, գացի իրմէ մեծ ընկերուհիին՝ Ալիս Ղարիպեանին քով, որ միասին էին հաւաքական քէմփին մէջ Սուրիոյ անապատը Ռաս ըլ Այնէն դուրս։ Ալիսը ըսաւ. «Մեծ մայրդ շատ խեղճ էր։ Ես ճարպիկ էի։ Ինք եւ եղբայրը մեռած պիտի ըլլային, եթէ ես չըլլայի։ Հիմա Ալիսին ձայնն ալ ականջիս մէջ կը զնգայ, մեծ մօրս ձայնին հետ միասին։Համալսարանի տարուան յաջորդ աշունը արձանագրուեցայ հայերէնի դասերու։ Հասկցայ վերջապէս, որ անձնական դերանուններու եզակի երրորդ դէմքի (he եւ she) մեծ մօրս խառնաշփոթութեան պատճառը այն էր, որ հայերէնի մէջ սեռական տարբերութիւն չկայ։ Շրջապատուեցայ հայերով եւ հայերէնով, այս անգամ՝ իմ ընտրութեամբս։ Սկսայ գրել մեծ մօրս մասին, գրել բանաստեղծութիւններ ի՛ր եւ այլ հայ տիկիններու բերնով։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս Շարօն Օլտզի աշխատանոցին մէջ, բարձրաձայն կարդացի արձակ բանաստեղծութիւն մը, զոր գրած էի մեծ մօրս մահուընէ մի քանի ամիս վերջ ու զայն վերնագրած «The Angel» խորագրով։ Բանաստեղծութիւնը կը սկսէր այսպէս. «Մեծ մայրս երկինքն է, այդ երկնքի մէջ թուրքեր չկան, բաց լողազգեստներով կիներ չկան եւ ոչ ալ սկիւռիկներ՝ տանձենիին վրայ»։

Աւելի ուշ, փոխեցի գրական ժանրս եւ անցայ գեղարուեստական արձակի՝ ստեղծելով միահիւսուած պատմութիւն, որ եղաւ իմ առաջին վէպս՝ «Զապէլ»ը։ «Զապէլ»ը մեծ մօրս կեանքէն առնուած գեղարուեստական պատում մըն է։ Երբ գիրքս հրատարակուեցաւ, երկրի տարբեր մասերէն շատ հայեր եկան ու մասնակցեցան գիրքի շնորհահանդէսին։ Զապէլ Ջաղացպանեանը մարմնաւորումն է մեծ մօրս իբր ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթական հարս։ Մարդիկ զայն շատ սիրեցին եւ գիրքը լայն տարածում գտաւ համայնքին մէջ։

Ընթերցումներէն յետոյ, հարց-պատասխանի ընթացքին, ինծի հարցուեցան հետեւեալ կրկնուող հարցումները. «Բոլորդ հա՞յ էք, հայերէն կը խօսի՞ս, ամուսինդ հա՞յ է, չէօրէկ շինել գիտե՞ս»։ Առաջին անգամն էր, որ ինծի զգացնել տուին, թէ ես պէտք եղածին չափ հայ չեմ։ Ձեռնարկի մը ժամանակ, հանդիսատեսներէն մէկը ոտքի ելաւ եւ հակադարձելով ըսաւ. «Դուն հայ չես, դուն ամերիկացի գրող ես եւ մեծ մօրդ պատմութիւնը կը շահագործես, որ դրամ շահիս»։ Պատասխանեցի. «Եթէ հաշուէք այն ժամերու քանակը, զոր ես ծախսած եմ գրելու համար այս գիրքը եւ զայն բաժնէք ստացուած կանխավճարին, ի յայտ կու գայ, որ ես նուազագոյն աշխատավարձէն ալ ցած վաստակած եմ։ Եթէ դրամի համար գրէի, պոռնօ կը գրէի»։ Ըսածին անհեթեթութիւնը ակնյայտ էր, բայց խայթեց զիս, որովհետեւ մեծ մօրս ակնկալիքներուն դիմաց ամօթահար կը մնայի, այն իմաստով որ լաւ հայ աղջնակ մը չեղայ, լաւ հայ զաւակ չմեծցուցի, իրականութեան մէջ տեսակ մը խառնածին էի։ Եթէ սահուն հայերէն խօսէի, գուցէ մնացածին համար ներում ստանայի Տարիներ շարունակ հետեւեցայ հայերէնի դասերու Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին մէջ։ Մէկը միւսին ետեւէն ունեցայ երեք անձնական հոյակապ ուսուցիչներ։ Սորվեցայ այբուբենը եւ կրցայ կարդալ առաջին դասարանի կարողութեան չափով, կրցայ գրել նաեւ ներկայ ժամանակով պարզ պարբերութիւնններ։ Բայց տակաւին չկարողացայ պարզ խօսակցականէն անդին անցնիլ։ Պէտք էր աւելի աշխատէի, պէտք էր հետեւէի Երուսաղէմի, Պէյրութի կամ Վենետիկի դասընթացքներուն՝ լեզուին մէջ սուզուելու համար։ Բայց ես կ՚ապրէի ամերիկեան կեանքով, կը դաստիարակէի ամերիկացի զաւակներ, կը գրէի հայկական նիւթերով ամերիկեան վէպեր եւ կ՚աշխատէի նախ՝ իբր գրողներու օգնական ուսուցիչ, ապա, նաեւ, իբր գրական հետախոյզ եւրոպական հրատարակիչներու համար, եւ աւելի ուշ՝ իբր կազմակերպիչ կանանց խաղաղութեան խումբին։

Ահաւասիկ տասնամեակներ ետք, տակաւին հայերէն կը սորվիմ։ Լեզու մը, որ մանկութեանս մէջ արմատացած է մեծ մօրս ձայնի արձագանգին հետ։  Ուրախ եմ յայտնաբերելուս, թէ ինչպէս մեծ մօրմէս սորված արտայայտութիւններն ու բառերը մաս կը կազմեն արեւմտահայերէնի հսկայական ու բարդ ցանցին։ Լեզու մը, որ ունի ասեղնագործի մը նրբութիւնն ու տոկունութիւնը. միեւնոյն ատեն, լեզու մը, որ Եունեսքոյի վտանգուած լեզուներու շարքին անցած է։

Վերջին չորս տարիներուն, Սքայփով անձնական դասեր կ՚առնեմ Սօսի Միշոյեանէն։ Ուսուցչուհի, որ Հալէպէն փախուստ տուած է Երեւան՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։ Ի վերջոյ, սորվեցայ բայի կատարեալ անցեալը, անկատարը, վաղակատար ու յարակատար ժամանակները։ Կարճ պատմութիւններ կը գրեմ, Սօսին կը ստուգէ եւ կը սրբագրէ։ Վերջերս ան ըսաւ ինծի. «Արդէն իսկ կը ճանչնաս լեզուին կառոյցը, լաւ կը հասկնաս քերականութիւնը, սակայն տակաւին պէտք ունիս բառապաշարի, պէտք է դեռ լսես հայերէն ու խօսիս, խօսիս, խօսիս…»։

Կը շարունակեմ քալել դէպի մեծ մօրս տանող այս երկար ճամբայէն։ Ու Քալած ժամանակս կը մտմտամ՝ վերջապէս պիտի բարձրանամ աստիճաններէն դէպի մեծ մօրս երկնային տան ետեւի շքամուտքը, ուր միասին՝ ես եւ ինք, խաղողի տերեւներով սարմա պիտի փաթթենք իր ջնարակապատ սեղանին շուրջ նստած եւ խօսի՜նք ու խօսինք իր մայրենի լեզուով։

Նիւ Եորք

Օգոստոս 2020

Անգլերէնէ թարգմանեց՝ Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

https://hairenikweekly.com/2020/09/04/44313





Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԾՈՎԱՓԻ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-06 at 16.27.19.png

Անցեալ շաբաթ իմ ընտանիքս եւ ես ծովափ գացինք։ Տուն մը վարձեցինք, որուն պատուհաններէն ծովը կ’երեւէր։

Ամէն օր ովկիանոսին մօտ կը պտտէինք։ Բոպիկ ոտքերով աւազին վրայ կը քալէինք։ Ալիքներուն ձայնը շատ հանդարտ էր։ Ծովափը կտցարները կը վազէին, իսկ ծովածիծառները կը քալէին ու կը թռչէին։ Գեղեցիկ խեցիներ եւ հարթ քարեր կը փնտռէի։

 

6 Հոկտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԿԱՐԾԻՔՍ «ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ»Ի ՄԱՍԻՆ - ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

a-yellow-house_1196-395.jpg

Ես չեմ հաւատար որ այդ կինը բարեկենդանին ինչ ըլլալը չէր գիտեր։ Ամէն մարդ գիտէ, թէ բարեկենդանը ինչ է։ Ուրախ տօն մըն է, մարդ չէ։ Կինը ինչպէ՞ս չհասկցաւ, երբ մարդը դուռը զարկաւ։

Չեմ հաւատար նաեւ, որ Բարեկենդան կոչուածը խաբեց մարդը, ըսելով որ ոտքով վազելը ձիէն արագ է, որովհետեւ ձին չորս ոտք ունի, իսկ մարդը երկու։ Ատիկա ի՛նչ կապ ունի։ Ձին աւելի արագ է։

29 Սեպտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

*** ԷՐԻՆ ՀԱՆՍԸՆ - Թրգմ.՝ ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆԻ

WA w_quote (67).jpg

Թերեւս կը մեկնինք  
կրկին վերադառնալու,
թռչունի հայեացքով տեսնելու
թէ ինչ ըսել է ըլլալ ողջ։
զի գեղեցկութիւն կայ վերադարձի մէջ,
ի՜նչ հիանալի է, ի՜նչ տարօրինակ
տեսնել ամէն ինչ այլ ձեւով ,
բայց գիտնալ որ դուն ես լոկ փոխուածը։

Անգլերէնէ թրգմ.՝ Նիգոլ Պոլսաճեան

29 Սեպտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԱՇՈՒՆ - ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ

WA w_quote (66).jpg

Ամէն ձմեռ մօրս կ’ըսեմ, որ արեւադարձային տեղ մը կ’ուզեմ փոխադրուիլ։ Ձիւնը շատ ցուրտ է եւ մաքրելը դժուար։ Առաջին օրը շատ գեղեցիկ է, բայց յաջորդ օրը ձիւնը աղտոտ եւ ցեխոտ է։ Գետինս միշտ պէտք է մաքրեմ։

 Բայց ամէն տարի մամաս կը յիշեցնէ ինծի, որ ձմեռէն առաջ աշունը կայ։ Եւ աշունը ամէնէն գեղեցիկ եղանակն է։ Աշնան օդը շատ հանգիստ է։ Շատ հով չկայ եւ արեւը այդքան տաք չէ։ Երբեմն անձրեւ կու գայ, բայց շատ երկար չի տեւեր։ Սկիւռները կը գէրնան եւ միշտ կաղին կը փնտռեն եւ կը պահեն։ Աշնան հագուստները իմ ամենասիրած հագուներն են։ Փողկապներն ու մոյկերը հանգիստ եւ վայելուչ են։ Եւ երբ տաբատ հագնիմ, սրունքներս չեմ ածիլեր։

 Բայց աշնան ամենալաւ բանը գոյներն են։ Կամաց-կամաց տերեւները գոյն կը փոխեն, մինչեւ որ ամբողջ աշխարհը կրակի գոյն կ’առնէ։ Մոյկիս տակ տերեւները անուշ ձայն կը հանեն, նուագի պէս։ Դուրսէն տերեւները ներս կը բերեմ եւ գիրքիս մէջ կը տեղաւորեմ։ Յետոյ տերեւը իր գոյնը կը պահէ եւ միշտ կրնամ այդ գիրքը բանալ եւ աշունը տեսնել։  

 

29 Սեպտեմբեր 2020 

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԻՆՉՈ՞Ւ - ՄԵՂՐԻ ՏԷՐՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

WA w_quote (27).jpg

Այս հարցումը ամէն օր զիս անհանգստացնելու չափ կը մտահոգէ։ 

Ինչո՞ւ հայրենիք գտնուած միջոցիս քորոնա կոչուած անիծեալ ժահրը պիտի անդամալուծէ երկիրը՝ անկատար թողլով ծրագիրներս եւ ապագայի երազանքներս։

Ինչո՞ւ պիտի անշարժանայ ամառային հաւաքներ, բանակումներ, մշակութային կեանք ու տօնախմբութիւն։

Ինչո՞ւ կրթական ծրագիրները (դպրոցի, համալսարանի կամ աղօթավայրի) կատարուին առցանց։

Ինչո՞ւ երեխան չունենայ անհոգ մանկութիւն, կամ քսան տարեկան երիտասարդը չկարենայ գրկախառնուիլ իր սերելիին կամ հարազատին հետ։ 

Տակաւին աւելի տխուր պարագաներ կան, որ մարդ արարածը հարց տալու անգամ կը վարանի։ 

Ինչո՞ւ հայ մօր աչքերէն տխրութեան արցունքներ պէտք է հոսին, երբ իր հոգեհատորը հերոսաբար կը պաշտպանէ երկրին սահմանները եւ կը զոհուի թշնամիին արձակած դաժան գնդակէն։

Ինչո՞ւ նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ պիտի վախնաս թշնամիէդ։

Ինչո՞ւ երբ արթննաս, յանկարծ պիտի լսես Պէյրութի մէջ պատահած ահաւոր պայթումին մասին եւ տատամսելով պիտի հեռաձայնես մօրաքրոջդ՝ ողջ առողջ ըլլալը հաստատելու համար, կամ ալ՝ ընկերներուդ մասին տեղեկութիւն ստանալու, դարձեալ վախով։

Ինչո՞ւ մեր հալէպահայ ազգակիցները տակաւին պատերազմի ծանր օրերը չմոռցած, անգամ մը եւս կ՚ապրին դաժան եւ անհանդուրժելի պայմաններու մէջ, նիւթական անբաւարարութեան եւ դեղորայքի չգոյութեան պատճառով։

Ա՛լ կը բաւէ, Տէր Աստուած, հարցումներուս պատասխանը չեմ գտներ. արդեօք օր մը կ՚ունենա՞մ...

Սակայն գիտեմ, որ անձի մը հանգստութիւնը հոգեկան բաւարարութիւնն է։ Մարդ տալով երջանիկ կ՚ըլլայ, իսկ երջանկութիւնը կ՚ամբողջանայ ընտանիքով ու հարազատներով։Ամէն առտու Մօրդ ժպիտը  տեսնելը հազար կ՚արժէ, մեծ մօրդ գուրգուրոտ փաթթուկը հարստութիւն է, հօրդ հետ ամէն Կիրակի հեծանիւ քշելը հաճոյք է, հարազատներուդ հետ մէկտեղուիլը շնորհք է…

Արդեօք այս բոլորը պէտք է պատահէի՞ն, որ գիտակցէի այս հարստութիւններուն։

8 Օգոստոս 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԻՏԱԼԻԱ - ԱՐԱՄ ԲԱՐՆԱԿԵԱՆ

IMG_2864.jpeg

Անցեալ տարի Իտալիա գացի համալսարանի ծրագիրով:  Սկիզբը շատ անտրամադիր էի, որովհետեւ ընկեր մը չունէի քովս:  Երբ հասայ օդակայան, նկատեցի որ թռիչքիս մէջ ամէն մարդ ուսանող էր:  Օդանաւը համալսարանականներու խրախճանքի յատուկ վայրի վերածուած էր:  Վերջապէս հասայ Ֆլորենս եւ սենեկակիցներուս ծանօթացայ:  Շատ բախտաւոր էի, որովհետեւ մեր տունը շատ մեծ եւ շքեղ էր: 

Հինգ սենեկակիցներէս երեքը այս բնակարանին մէջ ապրած էին նախորդ կիսամեակ:  Անոնք լաւ գիտէին այդ շրջանը։ Այդ պատճառով ալ ամենալաւ վայրերը կրցայ երթալ իրենց հետ. ինչպէս օրինակ՝ «Անիթա» անունով մեր նախասիրած ճաշարանը, որ յաճախ կ՚երթայինք ընթրիքի եւ սուրճի խմելու, նաեւ՝ քաղաքին հարաւային կողմը, ուրկէ շատ գեղեցիկ կ՚երեւէր Ֆլորենսը եւ անշուշտ՝ պաղպաղակի խանութները, որ գոյ էին ամէն փողոցի վրայ:

Դասերը շատ տարբեր են Եւրոպայի մէջ:  Երկար էին, բայց ոչ՝ յաճախակի։ Դասախօսներն ալ շատ հանդարտ էին, բացի մէկէն. խոհարարութեան մեր դասախօսը շատ հպարտ իտալիացի մարդ էր եւ երբեք գոհ չէր քննութեան մեր պատասխաններէն:  Ամենայն դէպս, ուրախ եմ, որ  այդ դասը սորվեցուց ինծի եւ ծանօթացուց իտալական մշակոյթին:

Առիթը ունեցայ այցելելու երկիրը:  Զուիցերիա գացի սքիի (դահուկ) համար:  Լեռը որ բարձրացայ, շատ աղուոր էր եւ երեսուն վայրկեան տեւեց իջնելս գագաթէն մինչեւ ստորոտ: 

Այս գիւղին մէջ թռիչքավազք տեղի ունեցած էր եւ իմ հիւրանոցիս մեծ դաշտին վրայ զբօսաշրջիկները վայրէջք կատարեցին:  

Ծովափներ այցելեցինք եւ ուրիշ քաղաքներ ու գիւղեր:  Ծովափի ճամբուն վրայ, տեսանք Պոմպէի աւերակները  եւ Վեսուվիըսի հրաբուխը:  Երկրին այս մասը շատ խենթանելիք կը քշեն, անոր համար մենք զգոյշ քշեցինք:

Ամենամեծ անակնկալը ինծի համար թանգարաներն էին:  Ես ընդհարապէս չեմ սիրեր թանգարաններ, բայց հոն շատ հետաքրքրական էին: Շատ բախտաւոր էի, որ տեսայ Լիոնարտօ Տա Վենչիին եւ ուրիշ յայտնի արուեստագէտներուն նկարները:  Առաւել, միայն Իտալիայի մէջ էր, որ այսքան շատ եկեղեցիներ տեսայ, հայաստանի եկեղեցիներու քանակին չափ:

Զատիկին, ընտանիքս եկաւ զիս տեսնելու: Կաթողիկէ Հայկական եկեղեցին գացինք եւ շատ հետաքրքրական գտանք զայն, քանի որ պատարագը շատ նման էր հայկական կանոնաւոր պատարագին: 

Բայց ամենաշատ կարօտցած բանս ճաշն էր: 

8 Օգոստոս 2020

 

 

 

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԳԷՇ ՕՐԵՐ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

118620865_3343213595717504_4860460481783126098_o.png

Բոլոր մարդիկը, զորս կը ճանչնամ շատ վհատ եւ մտահոգ են։ Համաճարակը շատ մահ եւ տառապանք կը պատճառէ։ Մեր երկրի ղեկավարները անգութ եւ չարակամ են։ Մեր նախագահը եւ հետեւողները փտած են։

Ամէն տեղ գէշ բաներ կը պատահին։ Ամէն անգամ կը կարծենք, թէ ամենավատը եղած է արդէն, սակայն աւելի գէշ բան մը կը հասնի։ Կռիւը, ժանտախտը, անօթութիւնը, բռնութիւնն ու վիշտերը կը բազմանան։

Ամէն օր բարիք մը կը փորձեմ ընել։ Ամէն օր քիչ մը գեղեցկութիւն կամ վայելք կը փորձեմ գտնել։ Այսօր, պարտէզին մէջ, կը դիտեմ մեղրածուծ թռչունը, որ ծաղիկի նեկտար կը խմէ։

1 Սեպտեմբեր 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

WA w_quote (24).jpg

Անմահ մարդիկ շատ կան, բայց ինչպէ՞ս անմահ կ՚ըլլան, դժուար է։ Որպէսզի անմահ ըլլաս, պէտք է շատ լաւ բան ընես, որ մարդիկ յիշեն քեզ։ Բայց երբ աղուոր բան մը ընես, չի նշանակեր որ անպայման անմահ պիտի ըլլաս։ Պէտք է որ իւրայատուկ բան մը ընես։ Անմահ ըլլալ կը նշանակէ ապրիլ մինչեւ վերջ, նոյնիսկ եթէ մարմինով ներկայ չըլլաս։ Այս կը նշանակէ, որ քու անունդ պիտի գործածեն կոչելու համար քաղաք մը, կամ ալ արձան մը պիտի շինեն, որ դուն ես. ինչպէս է պարագան բանաստեղծներուն, երգիչներուն, երաժիշտներուն, նկարիչներուն, դերասաններուն, հերոսներուն եւ այլն։ 

Ես ալ կը փափաքիմ անմահ ըլլալ։

20 Օգոստոս 2020

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԷՐՆԵՍԹ ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅ - Թրգմ.՝ ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆԻ

***
Կեանքը կրնայ արեւի շող մ՚ըլլալ
Խաղաղ օրերու վառ կապոյտ երկինքով,
Կամ կեանքը կրնայ ըլլալ անձրեւի կաթիլներ,
Որ կը հոսին արցունքներու պէս աչքերէդ սեղմուած,
Կեանքը կրնայ դրախտ ըլլալ
Ուր միայն կը հասնիս դժոխքի ճամբով,
Պիտի չի զգաս ուրախ ըլլալդ
Եթէ նաեւ տխրութիւն չունենաս,
Կեանքը դժուար դասեր կը սորվեցնէ,
Բայց աւելի իմաստուն կ՚ըլլաս երբ գիտնաս
Որ նոյնիսկ վարդերը պէտք ունին արեւի շողին
Եւ կաթիլ մը անձրեւին, որ աճին։  

17 Օգոստոս 2020
Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

Sand Dollars- ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ

one-broken-sand-dollar-photo_3.jpg

Հերմոսա ծովափի sand dollarները ծովային մշակոյթի կարեւորագոյն մասը կը կազմեն։ Անոնք Echinoderm փշամորթի տեսակներէն են եւ յայտնի են իբր աւազի տոլար անունով: հոս ապրող ժողովուրդին համար շատ արժէքաւոր են, որովհետեւ հազուագիւտ են։  

Sand dollarները Խեցի  չեն, այլ կենդանիներ են, որոնք երբ ողջ են՝ մանիշակագոյն կ՚ըլլան, երբեմն ալ կանաչ, իսկ երբ մեռնին՝  արեւէն ճերմակ կը դառնան եւ ծովեզերք կու գան ու մարդիկ կը սկսին հաւաքել զանոնք։

Անոնց վրայ բնական գեղեցիկ ծաղիկի նկար կայ, որ կարծես մէկը գծեր է։Անոր համար ալ մարդիկ կը գործածեն զանոնք իբր զարդ իրենց տուներուն մէջ։

Ես միայն կէս sandollar գտած եմ, որովհետեւ իրենք շատ դիւրաբեկ են եւ շուտ կը կտրտուին։ Օր մը կ՚ուզեմ լմանութեամբ գտնել։

10 Օգոստոս 2020

 

 

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ԻՄ ԱՌՕՐԵԱՍ - ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Screen+Shot+2020-07-16+at+20.03.59.jpg

Կ՚ուզեմ, որ քորոնան շատ արագ վերջանայ, որովհետեւ ես շատ կը ձանձրանամ, իսկ ան աշխարհը կը քանդէ։

Ընդհանրապէս կը զբաղիմ դանակներովս։ Անոնցմով փայտ կը տաշեմ։ Երբեմն ձկնորսութեան կ՚երթամ, նաեւ կը սիրեմ խաղ խաղալ. օրինակ՝ monopoly եւ catan։ Ասոնք կը խաղամ մամայիս եւ ընկերներուս հետ։ Նապաստակիս հոգ կը տանիմ, ինչպէս նաեւ՝ կրիայիս, բայց հիմա ան տան մէջ տեղ մը պահուըտեր է։

Կը սիրեմ հեռատեսիլ դիտել։ Երբեմն զարմիկներուս տունը լողալու կ՚երթամ։ Շուտով ընկերներս պիտի հրաւիրեմ, որ դուրսը վրանի տակ պառկինք։ Կը սիրեմ գրել, երբեմն ալ ներկել։ Կը սիրեմ փայտ այրելով անուշիկ բաներ գծել փայտին վրայ։

Կարօտցայ ճամբորդելը եւ առանց երես գոցելու դուրս ելլելը։ Ուրիշ երկիրներ իրենք զիրենք լաւ պահած են քորոնայէն։ Իմ երկիրս շատ գէշ է։ Ամէն տեղ ետ կը բացուի եւ ամէն մարդ հիւանդ կ՚ըլլայ։

Յուսամ շուտով դեղ կը գտնեն, որ մենք ուրախ ըլլանք նորէն։

29 Յուլիս 2020 

Read More
Sosy Mishoyan Sosy Mishoyan

ՎԱԳՐԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

animal-animal-photography-big-big-cat-572861.jpg

Առաջին օրը
Այսօր երբ արթնցայ, տեսայ որ ընկերներս արդէն գացեր էին նախաճաշ գտնելու։ Ես շատ կը սիրեմ քնանալ, անոր համար որոշեցի քիչ մըն ալ պառկիլ։ Երբ արթնցայ, բոլորը ետ եկած էին եւ որովհետեւ անօթի չէի, նորէն քնացայ։

Երկրորդ օրը
Այսօր գացի եւ որոշեցի խաղալ այծեամի մը հետ։ Երբ փորձեցի քովը երթալ որ հետը խաղամ, ինքը ինձմէ հեռու վազեց։ Չեմ գիտեր ինչու, բայց ես շատ կը սիրեմ խաղալ ուրիշ անասուններու հետ։ Գալ անգամ յուսամ, որ կրնամ խաղալ այծեամին հետ։ 

Երրորդ օրը
Այսօր որոշեցի հարցնել այծեամին, թէ ինչու չեմ կրնար իրեն հետ խաղալ։ Երբ մօտեցայ՝ վախցաւ ինձմէ, բայց իրեն ըսի, որ ես միայն կ՚ուզեմ հետը խաղալ։ Այծեամը ըսաւ, որ իմ ընտանիքս իր ընտանիքը կերաւ. ես ալ զարմացայ։ Որոշեցի այլեւս չապրիլ իմ ընտանիքիս հետ, քանի որ իրենք իմ ընկերս չեն յարգեր։


29 Յուլիս 2020







Read More