ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ «ԶԱՊԷԼ» ԵՒ «ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՅՐՈՂ ՍԻՐՏԸ» ՎԷՊԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Նախաբան
Գրական ստեղծագործութեան մէջ այլ լեզուի ներառումը սփիւռքեան եւ բազմամշակութային գրականութեան (multicultural literature) տարածուած հնարք է։ Այս հնարքին միջոցով գրողը կը պահէ բնիկ մշակութային հնչեղութիւնը, կը վաւերացնէ միջավայրի լեզուական իրապաշտութիւնը եւ կը յատկանշէ ինքնութեան բազմաշերտութիւնը։ Սոյն ուսումնասիրութեամբ պիտի ներկայացնենք ամերիկահայ գրող Նենսի Գրիգորեանի «Զապէլ» (Zabelle) եւ «Աշխարհի Այրող Սիրտը» (The Burning Heart of the World) վէպերը, որոնք վկայութիւն են այս գրական մօտեցման, ուր հայերէնի ներկայութիւնը անգլերէն բնագրին մէջ ոչ միայն միջավայրի գունաւորում է, այլ նաեւ սփիւռքեան իրականութեան կեդրոնական բաղադրիչ:
Լեզուաբան Քաթրինա Մ. Ֆիլիփս կը նշէ, որ ազգային լեզուները լոկ բառեր չեն, «Անոնց միջոցով կը բացատրուի մշակութային սովորութիւնները, կենդանի կը պահուին արարողութիւնները, պատմութիւնը ու կեանքի եղանակները[1]»։ Այս դիտարկումը կ՚օգնէ հասկնալու Գրիգորեանի երկերու լեզուական բազմաշերտութիւնը: Հայերէնի ներառումը ունի երկակի գործառոյթ. գեղարուեստական մակարդակի վրայ կը հաղորդէ կերպարներու ներքին ձայնը հոգեբանական եւ զգացական բնական հնչեղութեամբ, իսկ մշակութաբանական մակարդակի վրայ կը փաստագրէ սփիւռքեան բազմալեզու առօրեան իբրեւ ինքնութեան հիմնասիւն: «Զապէլը» եւ «Աշխարհի Այրող Սիրտը» գրուած են հայ ժողովուրդի կորուստի, սփռման եւ ինքնութեան խնդիրներու լոյսին տակ։ Վէպերը կը տարածուին Սփիւռքի բազմազան տարածքներուն մէջ՝ Հաճընէն Սուրիա (Ռաս ուլ- Էյն), Պոլիս, Պէյրութ, ԱՄՆ, ուր ի յայտ կու գան հայապահպանման տարբեր փորձառութիւններ:
«Զապէլ» վէպի գլխաւոր հերոսուհին՝ Զապէլը, ծնած է Հաճըն՝ պատմական Հայաստանի կարեւոր վայրերէն մէկուն մէջ։ Ան կը տեղահանուի դէպի Ռաս ուլ-Էյն, ապա կ՚անցնի Պոլիս եւ ի վերջոյ կը հաստատուի ԱՄՆ՝ ամուսնութեան: Այս աշխարհագրական շարժումը անմիջական ազդեցութիւն կ՚ունենայ լեզուին վրայ: Հաճընի բարբառին ու նաեւ թրքերէնին սփիւռքի միջավայրին մէջ կ՚աւելնան նաեւ արաբերէնն ու անգլերէնը, եւ առ ի արդիւնք խօսողը կը դառնայ բազմալեզու փորձառութեան տէր:
«Աշխարհի Այրող Սիրտը» վէպի հերոսուհին՝ Վերան, լիբանանահայ մըն է, որ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով կը փոխադրուի ԱՄՆ։ Այս տեղափոխութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս արեւմտահայերէնը եւ հայկական ինքնութիւնը կը փոխանցուին կամ կը փոխակերպուին նոր միջավայրերու մէջ՝ ընկերային ու մշակութային ազդեցութիւններուն համեմատ։ Վէպին Լիբանանի բաժիններուն մէջ հայերէնը տակաւին ազդու կերպով ներկայ է, մինչդեռ ԱՄՆ-ի մէջ լեզուն աստիճանաբար կը նահանջէ։
Վէպը կը բացուի Կոմիտասի «Անտունի» երգով, որ ծիսական տպաւորութիւն կը թողու։ Երգը տրուած է անգլերէնի թարգմանութեամբ։ «My heart is like those ruined houses…[2]» (Սիրտս նման է էն փլած տներ...)։ Ընթերցողը անմիջապէս կը մտնէ հայկական յուզական միջավայր։ Վկայութիւն մը, որ վէպը կը կառուցուի ոչ միայն պատմութեամբ, այլ հայկական հնչերանգով։
Հայերէնի Ներկայութեան Դրսեւորումները.
Երկու վէպերուն մէջ ալ հայերէնը կը ներկայացուի տարբեր մակարդակներով, որոնք կ՚արտացոլեն ո՛չ միայն լեզուական, այլեւ մշակութային եւ հոգեբանական երանգներ։
Ա. Բառեր եւ արտայայտութիւններ.
Վէպերու ամբողջ տեւողութեան, բազմաթիւ հայերէն բառեր եւ արտայայտութիւններ ամփոփուած են յաճախ բացատրութեամբ կամ շեշտադրումով։
1– Հայկական անուններ, վայրեր, ակումբներ, կուսակցական մշակոյթ։
Անուններու եւ դիմելաձեւերու օրինակներ՝ Սիմոն, Վերա, Զապէլ, Թորոս, Ճորճ, Ռաֆֆի, Նազօ, Նարեկ, Սեդա, Ալեքս, Անդրանիկ, Մովսէս, Արսինէ, Զաքարեան, Հաճընեան, Մանուկեան…., Ամմօ Վահրամ, Պարոն Ուզունեան, Թանթիկ Անահիտ, Տօքթ. Նազօ… Այնքան ատեն որ հերոսները Միջին Արեւելքի մէջ են, հայերէնը առաւել եւս ներկայ է ու անունները՝ հայերէն. նոյնը չէ պարագան ԱՄՆ փոխադրուելէն ետք, ուր հայերը կը փորձեն անուննին փոխել աւելի հնչեղ ու հասկնալի դառնալու համար ամերիկացիին։ Զապէլին տղան, որ որոշեց պատուելի դառնալ, Չաղացպանեան մականունը փոխեց Չարլզի եւ ուզեց հայկական քիթը վիրահատել, ամերիկացիներուն նմանելու։ Կը կարդանք մօր ապարդիւն ընդվզումը ուղղուած իր տղուն՝ Մովսէսին։ Կը ներկայացնենք թարգմանաբար. «Շատ տարօրինակ է։ Ամբողջապէս գեղեցիկ հայկական քիթ է։ Քու հօրդ քիթն է, իր հօրը, եւ իր հօրը առաջին սերունդէն։ Ի՞նչ տեսակ մարդ պիտի ըլլաս առանց քո՛ւ անունիդ եւ քո՛ւ քիթիդ։ Նոյնիսկ եթէ փորձես օտարանալ, կը կարծե՞ս որ պիտի կարենաս։ Աչքերդ հայ են, հոգիդ հայ է…[3]»։
Վայրեր՝ Հին Հաճըն, Անճար, Պուրճ Համմուտ, տեղանուններ, ուր հայեր կը բնակէին։ Ակումբներ՝ Մասիս, Նիկոլ Դուման… հայ համայնքային եւ մշակութային կեդրոններ։ Կուսակցութիւններ՝ Դաշնակցական, Հնչակեան … հայ քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններ։ Այսպիսով, Սփիւռքեան հայկական աշխարհը կը պատկերանայ իբրեւ տարածք, ուր լեզուն ու մշակոյթը իրարու մէջ կը ձուլուին։
2- Զգացական արտայայտութիւններ
Զգացական արտայայտութիւնները յաճախ կը լսուին մեծ մօր ձայնով։ «Վայ պապամ», «Վախ վախ», «Վայ վայ», «Աման իմ», «Եաւրում» «ճուտիկ», «Չէ»…Վերայի եւ այլ կերպարներու լեզուային ինքնաարտայայտումը բազմաթիւ պահերու մէջ կ՚երեւի։ Թէեւ անգլերէնով գրուած՝ սակայն հեղինակը յստակ նշած է, որ խօսքը հայերէնով եղած է։ Վերան արեւմտահայերէնի կրող է եւ ինչպէս յիշեցինք, Մեծ Եղեռնի երկրորդ սերունդէն է. ծնած Լիբանան եւ պատերազմի պատճառով ընտանիքը տեղափոխուած է ԱՄՆ։ Ան կը գործածէ հայերէն իր ընտանիքին հետ՝ յատկապէս մօրը հետ հաղորդակցութեան ժամանակ։ ‘’We are safe’’, she answered in Armenian[4]. (Մենք ապահով ենք,− պատասխանեց հայերէնով)։
3- Սնունդ
Տոլմա, ղատայէֆ, չէօրէկ, պուլղուր, փախլաւա, լահմաճուն, հալվա, ղուրապիէ, պասթըրմա, չիր, մանթապուր, մանթի, շիշ քէպապ, ճաճըխ, քիւֆթէ, սարմա... Այս ցանկին մէջ ակնյայտ է բառապաշարի բազմաշերտ ծագումը։ Հաճընէն եւ Պոլիսէն եկած բառերուն մէջ կան թրքերէն ծագում ունեցող անուններ, իսկ արաբական աշխարհ (Լիբանան, Սուրիա) տեղափոխուելէն ետք անոնց կը միանան արաբական ծագում ունեցող բառեր։ Այս լեզուամշակութային խառնուրդը վկայ է սփիւռքեան առօրեայի բազմալեզու իրականութեան։
Սնունդի անունները յաճախ աւելի դիմացկուն են լեզուական փոփոխութեան նկատմամբ, քան այլ բառեր, քանի որ կապուած են առօրեայ կեանքին եւ ընտանիքի յիշողութեան հետ։ Սփիւռքի մէջ նոյնիսկ այն ընտանիքներուն մէջ, ուր հայերէնը քիչ կը խօսուի, «տոլմա», «փախլաւա», «չէօրէկ» եւ նման բառերը կը պահպանուին, որովհետեւ սերտօրէն կապուած են տօնական ու ընտանեկան աւանդոյթներուն։ Շատ անուններ՝ օրինակ «լահմաճուն», «ղատայէֆ», թրքական կամ արաբական ծագում ունին, սակայն սփիւռքի մէջ կ՚ընկալուին իբրեւ՝ «մեր խոհանոց»։ Սնունդի այս անունները կը ծառայեն իբրեւ լեզուամշակութային պարզ ազդակներ, որոնք ընթերցողը կը տեղափոխեն հայ ընտանիքի եւ սփիւռքի մթնոլորտ։
3- Մեղադրական կամ հեգնական արտայայտութիւններ
Հայերէնի մէջ պահպանուած մեղադրական կամ հեգնական արտայայտութիւնները, ինչպիսիք են՝ «դեւ», «ճին», «էշ»,[5] «դդում գլուխ», «սոխի գլուխ» «անպէտք»[6] «խե՞լքդ թռցուցիր»[7], «սատանայ», իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն լեզուական ժառանգութեան եւ համայնքային խօսքի դաշտին մէջ։ Անոնք ոչ միայն հնչեղ եւ պատկերաւոր են, այլ նաեւ կը կրեն զգացական ուժեղ լիցք՝ արտայայտելով զայրոյթ, զարմանք, հեգնանք։ Այս արտայայտութիւնները կը գործեն նաեւ որպէս «ինքնութեան գաղտնաբառեր». զանոնք լիարժէք կը հասկնան միայն անոնք, որոնք ծանօթ են հայկական մշակոյթին եւ լեզուին։ Նման մեղադրական կամ հեգնական արտայայտութիւնները այդ խորհրդանշական գործառոյթի վառ օրինակներն են։ Անոնք դիմադրողական են լեզուական մաշեցման, որովհետեւ կը գործածուին ոչ պաշտօնական, առօրեայ եւ զաւեշտական միջավայրերու մէջ։ Գրականութեան մէջ անոնց գործածութիւնը կարելիութիւն կու տայ ստեղծելու կենդանի կերպարներ՝ միաժամանակ պահելով սփիւռքեան հայերէնի տարբեր շերտերը։
Բ. Ժողովրդական ասացուածքներ, առածներ եւ առօրեայ խօսք.
Ժողովրդական ասացուածքներուն, առածներուն եւ առօրեայ խօսքի գործածութիւնը վէպերուն մէջ կը վկայէ բնատուր ու ժառանգուած լեզուամշակութային տարրերու շարունակական ներկայութեան մասին։ «Զապէլ» վէպը կը սկսի ժողովրդական հեքիաթի մը՝ «Երկինքէն երեք Խնձոր կ՚իյնայ, մէկը ինծի, մէկը պատմողին եւ մէկը կարդացողին[8]»-ի անգլերէն թարգմանութեամբ, արդէն իսկ ստեղծելով մշակութային հարազատութեան մթնոլորտ։ Երկու վէպերուն մէջ ներկայացուած ասացուածքներն ու առածները՝ «Մէկ տան մէջ երկու տանտիրուհի եթէ ըլլայ, գետինը երբեք չ՚աւլուիր[9]», «Կատուն մուկ չի կրնար բռնել ձեռնոցով[10]», «Մէկ ականջէս կը մտնէ, միւսէն կ՚ելլէ[11]», «Ծուլութիւնը մեղք է Աստուծոյ քով[12]», «Կիսատ հացը լման չ՚ըլլար[13]», «Աքսորը կրակէ շապիկ է[14]», «Աքլորը կանչէ կամ ոչ՝ առաւօտը պիտի ծագի[15]», «Եթէ հացի մէջ իմաստութիւն ըլլար՝ բոլոր այծերը մարգարէ կը դառնային[16]», «Տուր թեւեր որ դէպի երկինք ճախրեմ[17]» կը ներկայացնեն սերունդէ սերունդ փոխանցուած մտածողութեան եւ կեանքի ընկալման ձեւեր։ Այս արտայայտութիւնները ոչ միայն լեզուական, այլ նաեւ մշակութային յիշողութեան պահոցներ են, որոնք սփիւռքեան գրականութեան մէջ կը պահպանեն համայնքի բարոյական, կենցաղային եւ արժեհամակարգային շերտերը։
Գ. Հեքիաթային եւ բանաւոր աւանդոյթ.
Մեծ մաման մանուկներուն կը պատմէ հեքիաթներ՝ յաճախ սկսելով «Կար ու չկար» ձեւաչափով եւ աւարտելով «Երեք խնձոր»[18] վերջաբանով։ Մուկին պատմութիւնը, Սօսիի պատմութիւնը, Խօսող ձուկը, Հրէշին պատմութիւնը եւ աղաւնիներուն հեքիաթը կը կազմեն բանաւոր խորհրդապատումներու հարուստ շերտ, որոնք միաժամանակ կը զարդարեն պատումը եւ կը ծառայեն իբրեւ մշակութային ինքնութեան պահպանման միջոցներ։
Թոռնիկը՝ Էլիզապէթ, կը յիշէ մեծ մամային «կատուի եւ կարագի ամանի[19]» երգը, սակայն ամբողջութեամբ չի կրնար վերարտադրել, քանի որ որոշ բառեր մոռցած է, ինչ որ կը վկայէ լեզուական յիշողութեան մասնակի պահպանումը, բայց այդ մասնակի շշուկներն իսկ կը բորբոքեն մեծ մամայի ջերմութեան կենդանի յուշը։
Զապէլին հայերէնը սերտ կապուած է Ցեղասպանութեան յուշերուն հետ «Ան լսեց վաղուց մոռցուած երգերու պատառիկներ[20]»։ Վերայինը կապուած է քաղաքացիական պատերազմի յիշողութիւններուն եւ ներկայ ընկերային պայքարին։ Երգեր եւ սաղմոսներ անուղղակի կերպով կը հնչեն հայերէն։
Դ. Ընտանեկան դերաբաշխութեան եւ սեռային տարբերութեան լեզու։
Վէպերու լեզուն կը բացայայտէ նաեւ ընտանիքներէն ներս տիրող իշխանութիւնն ու սեռային դերաբաշխումները։ Յիշենք օրինակ, Զապէլի եւ կեսրոջ յարաբերութիւններու լեզուն, ու ընտանիքի մէջ իւրաքանչիւրի դերի յստակ որոշումը. «Ի՜նչ է հիմա ձագուկ թռչունը թռչիլ պի՞տ սորվեցնէ մայր թռչունին[21]»։ Կեսրոջ արտայայտութիւնը կը մատնանշէ ընտանիքէն ներս տիրող աստիճանային կառուցուածքը։ Այստեղ լեզուն կը գործածուի՝ ամրապնդելու մեծի եւ փոքրի միջեւ եղած սահմանները, ուր կրտսերը չի կրնար ուսուցիչ ըլլալ մեծին։ Միւս կողմէ, Վերայի հօր մուտքին հետ անմիջապէս հնչած հարցումը՝ «Ի՞նչ է ճաշը[22]», կը փաստէ այն ակնկալութիւնը, որ կինը պէտք է պատրաստ ըլլայ սպասարկելու ընտանիքի տղամարդուն։ Նոյն տրամաբանութեամբ Նորային հայրը Վերային կողմէ կը կոչուի «Թագաւոր», իսկ մայրը՝ թանթիկ Անահիտ, կը զուգուի եւ կը շպարուի, հաւատալով որ «Շպարը կնկան դիմակն է՝ ձեւով մը յուսահատութիւնը ծածկելու[23]»: Լեզուն ընտանեկան վերահսկողութեան գործիք կը դառնայ Վերային եղբօր՝ Արմէնի, արտայայտութեամբ՝ «Ես ծխող քոյր չունիմ[24]» սահմանելով եւ սահմանափակելով կնոջ վարքը։ Եւ ի վերջոյ, այն համընդհանուր համոզումը թէ՝ «Անկարելի է աղջիկի եւ տղու միջեւ պարզ ընկերութիւն[25]» կը փաստէ, որ լեզուն սեռային մտածողութեան եւ ընկերային կարգի արտացոլանք է նաեւ։
Ե. Լեզուն որպէս սերունդներու կապի եւ խզման տարածք
Զապէլին եւ Վերային համար լեզուն ինքնութեան միակ մնացորդն է, որ նոր իրականութեան մէջ վայրէջք կ՚արձանագրէ ամերիկեան գոյաբանական պայմաններուն մէջ։ Եթէ Լիբանանի մէջ հայերէնը կը ներկայանայ իբրեւ անցեալի ժառանգութիւն, ԱՄՆ-ի մէջ ան կը գտնուի պայքարի եւ վերաձեւակերպման փուլին մէջ։ Ակնյայտ են երիտասարդ եւ մեծ սերունդներու միջեւ լեզուի փոխանցման կամ ընդհատման պատկերները։ Վերան իր մօր որոշումը կը քննադատէ՝ ընտանիքը ԱՄՆ տեղափոխելուն համար, եւ իր կարգին կը մեղադրէ ինքզինք, որ իր զաւակները չէ ղրկած հայկական դպրոց։ Արմէն, Վերային եղբայրը, ի տարբերութիւն քրոջը, այդ քայլը կատարած է եւ իր զաւակները ղրկած է հայկական վարժարան։ Վերան ուրախութիւն կը զգայ, երբ իր զաւակները հայերէն կը խօսին քեռի Ռաֆֆիի հետ։
Այլ օրինակ մըն է Արսինէնին վարքը, երբ Վերայի ականջին կը փսփսայ եւ կը խնդրէ, որ իրեն օտար անունով չկանչէ։ Ըստ ամուսինին, Ալիս անունը զայն աւելի ամերիկացի կը դարձնէ[26]։ Ակնյայտ է, որ հոս «օտար» ակնարկը հայերէնի մասին է։ Այլեւս ոչ միայն լեզուն, այլ նաեւ մտածողութիւնը կը տարբերի։ Մովսէս իր մօր հետ «հասարակաց ոչինչ ունի»։ «Մենք տարբեր մոլորակներու վրայ ենք[27] » կը հաստատէ ան։
Եւ ահա լեզուն երբեմն գաղտնի խօսք եւ փրկութիւն կ՚ըլլայ։ Տարիներ ետք Զապէլի սիրահար Մովսէս Պոչաքանեան կը յղէ նամակ մը, որ ամբողջութեամբ հայերէն գրուած է։ Նամակին մէջ կը կարդանք․«Տղուս թելադրեցի, որ մահէս ետք այս նամակը քեզի հասցնէ։ Բայց հոգ մի ըներ։ Ան հայերէն կարդալ չի գիտեր[28]»։ Այս պարագային լեզուն կը դառնայ պաշտպանութեան միջոց, որով Զապէլին գաղտնի սէրը կը պահուի անծանօթ, բայց միաժամանակ կը բացայայտուի լեզուի ողբերգութիւնը՝ դառնալով սերունդներու միջեւ կորսուող կամուրջ։
Այլ օրինակով կը տեսնենք, թէ Փիթըր թոռնիկը երբ կը նկատէ մեծ մօր տխրութիւնը եւ կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ կու լայ, մեծ մաման հայերէնով կը պատասխանէ․ «մինակութիւն... Սիրտս կոտրած աման է[29]»։ Այս խօսքերը անհաղորդ կը մնան թոռնիկին, որ կ՚ըսէ․“Say it in English, Grandma.[30]”։ Այնուամենայնիւ խաղիկները կը շարունակուին հայերէն։ Մեծ մաման իր թոռնիկին հետ կը խաղայ կոճակի խաղը, եւ Փիթըր կը կրկնէ բառերը․ «կոճակ, կոճակ, ո՞վ առաւ կոճակը[31]»։ Զապէլ, կ՚ընդգծէ, որ պզտիկները շատ կարճ ժամանակ կ՚անցընեն մեծ մամաներուն հետ։ Իրենց ժամանակի մեծ մասը դուրսն է, հետեւաբար առիթ չեն ունենար հայերէն շատ լսելու եւ մանաւանդ խօսելու։
Այս բոլորը կը վկայեն, որ լեզուի խզում կայ եւ թէ լեզուն սերունդէ սերունդ կը մաշի։ Սակայն ան կրնայ չվերանալ միայն այն պարագային, երբ գոյութիւն ունենայ պայքար եւ ջանք՝ ինչպէս օրինակ Ռաֆֆիի եւ Արմէնի լեզուի փոխանցման ջանքերը։
Եզրակացութիւն
Կարելի է ըսել, որ Նենսի Գրիգորեանի հայերէնի պահպանումը անգլերէն բնագիրներու մէջ ունի միանգամայն գեղարուեստական, մշակութային եւ քաղաքական նշանակութիւն։ Երկու վէպերուն մէջ ալ հայերէնը կը ներկայանայ ոչ միայն իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց, այլեւ վկայութիւն ինքնութեան, պատմութեան եւ սփիւռքեան փորձառութեան։ Հայերէնը կը դառնայ հայ մարդու երկլեզու կամ բազմալեզու ինքնութեան կենդանի արտայայտութիւնը։ Գրիգորեան չի ջնջեր լեզուային խառնուածքը, այլ կը ներկայացնէ զայն իբրեւ արժէք եւ յիշողութեան ձեւ։ Ան ցոյց կու տայ, որ լեզուի պահպանումը կը պահանջէ գիտակցուած ջանք ու սերունդներու մասնակցութիւն։ Հայերէն արտայայտութիւնները կը հաղորդեն զգացումներ եւ մշակութային նրբերանգներ, որոնք կարելի չէ վերարտադրել թարգմանութեամբ։ Այս ձայները արժանի են լսուելու իրենց իսկ լեզուով։ Անգլիախօս ընթերցողը կը ստիպուի կանգ առնել եւ մտածել։ Ասիկա ճիգ մըն է դուրս բերելու ընթերցողը իր լեզուական յարմարութեան սահմաններէն եւ հասկնալու այն բազմաշերտ մշակութային հոսքը, որ լեզուն կ՚արտացոլէ։ Սփիւռքեան իրականութիւնը հիմնուած է բազմալեզու ապրումին վրայ։ Գրիգորեան կը փաստագրէ այդ լեզուական խաչաձեւութիւնը՝ հայերէնը ներմուծելով իբրեւ առօրեայ իրողութիւն։
Աղբիւրներ.
Kricorian, Nancy. Zabelle. Grove Press, New York, 1998.
Kricorian, Nancy. The Burning Heart of the World. Red Hen Press, Pasadena, CA, 2004.
Phillips, Katrina M. Indigenous Language Revitalization. Lerner Publishing Group, Minneapolis, MN, 2025.
Olivia Katrandjian ‘’An Interview with Nancy Kricorian’’ Washington Independent Review of Books, August 26, 2025.
[1] Katrina M. Phillips, Indigenous Language Revitalization: From Boarding Schools and Code Talkers to Immersion Learning (Minneapolis: Lerner Publishing Group, 2025), 5.
[2] Nancy Kricorian, The Burning Heart of the World (Pasadena, CA: Red Hen Press, 2004) Preface.
[3] Nancy Kricorian, Zabelle, cover press, New York 1998, 156.
[4] Nancy Kricorian, The Burning Heart of The World, Red Hen Press/Pasadena, CA 2004, 22.
[5] Nancy Kricorian Zabelle, cover press, New York 1998, 168.
[6] Նոյն տեղը., 164.
[7] Nancy Kricorian, The Burning Heart of The World, Red Hen Press/Pasadena, CA 2004, 84.
[8] Nancy Kricorian, Zabelle, preface
[9] Նոյն տեղը, 60
[10]Նոյն տեղը.
[11] Նոյն տեղը, 151.
[12] Նոյն տեղը, 61.
[13] The Burning Heart of The World, Nancy Kricorian, Red Hen Press/Pasadena, CA 2004, 157.
[14] Նոյն տեղը, 168
[15] Նոյն տեղը, 121
[16] Նոյն տեղը, 157
[17] Նոյն տեղը, 173
[18] Նոյն տեղը, 186
[19] Nancy Kricorian, Zabelle, 13.
[20] Kricorian, Zabelle, 6.
[21] Kricorian, Zabelle, 56
[22] Kricorian, The Burning Heart, 125
[23] Նոյն տեղը., 97
[24] Նոյն տեղը., 123
[25] Նոյն տեղը., 146
[26] Kricorian, Zabelle, 93.
[27] Նոյն տեղը., 220
[28] Նոյն տեղը., 218
[29] Նոյն տեղը., 219
[30] Նոյն տեղը., 219
[31] Նոյն տեղը., 222
Աղբիւր՝ «Գանձասար-Բացառիկ 2026»