ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՍՈՅԹՆԵՐ

Խօսակցական լեզուին մաս կը կազմէ այսպէս կոչուած մանկապատանեկան «բանահիւսութիւն»ը, որ երբեմն ինքնաբուխ ստեղծում է եւ երբեմն ալ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ու մշակուած պատառիկ։ Վերյիշելով մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներս, ստորեւ կ՚արձանագրեմ Հալէպի մէջ շրջանառուող մանկապատանեկան բանահիւսական նմոյշներ, որոնք հաւանաբար միայն Հալէպին յատուկ խօսքեր կամ ասոյթներ չէին, այլ թերեւս շատ աւելի լայն տարածում ունէին։  
Ձմրան պաղ օրերուն կ՚արտասանուէր.

Պաղ է, պաղ է, շատ պաղ է․
Մաման քիւֆթէ կը շաղէ,
Եօթը պզտիկ կը բերէ,
Անունները կը գրէ,
Բարձին տակը կը շարէ,
Առտու դպրոց կը ղրկէ․
Պաղ է, պաղ է, շատ պաղ է։ 

Թէ պաղը քիւֆթէին եւ մամային եօթը պզտիկներուն հետ ի՛նչ առնչութիւն ունէր, որո՛ւն հոգը, թութակի պէս անոր կրկնումը հաճոյք եւ ջերմութիւն կը պարգեւէր ըսողին ու լսողին։ 

Հապա անձրեւոտ օրերուն, ո՜վ չէր երգեր. 
Անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ․
Տէր-տէր պապան, տուն կու գայ․
Փիլաւ կ՚եփէ, իւղ չկայ,
Գէլ խորոզին տեղ չկա՜յ։ 

Հաւանական է, որ  հինէն եկած ըլլայ այս քառեակը, «գէլ խորոզ» (ճաղատ աքլոր) արտայայտութիւնը այդ յուշել կու տայ, սակայն ահա այդ վերջին տողի արտասանութիւնն էր, որ ամէնէն շատ հաճոյք կը պատճառէր մեզի՝ փոքրերուս ու այնպիսի երկար երանգով մը կ՚ըսէինք «չկա՜յ» բառը, որ ըսել կ՚ուզէինք որ ճար չկայ, այդ օրը անօթի պիտի մնար խեղճ Խորոզը…

Բերանացի փոխանցուած երգ էր նաեւ չարերուն ուղղուած այս կտորը, որ մատնանիշ կ՚ընէ  տուեալ ժամանակի դաստիարակութեան ձեւն ու ծնողաց խստութիւնը․. 

Չար տղային մէկը դպրոցէն փախաւ,
Սուտ խօսեցաւ իր մօր, կերաւ ծեծ աղուոր, 
Օ՜խ, կերաւ ծեծ աղուոր։
Ձեռքդ պագնեմ մայրիկ, ա՛լ մի ծեծեր զիս,
Եթէ անգամ մ՚ալ ընեմ՝ հանէ իմ հոգիս, 
Օ՛խ, հանէ իմ հոգիս…

Առօրեայ խօսքը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ սեղմ եւ հասկնալի։ Հոն չկան շաղկապներ, կամ եթէ նոյնիսկ ըլլան, շատ սակաւ է անոնց գործածութիւնը։ Յիշողութենէս չի վրիպիր այն իւրայատուկ խօսքը, զոր սորված էի քեռիէս եւ ամէն անգամ որ բան մը կորսնցնէի, առանց խորանալու անոր իմաստին մէջ՝ կը կրկնէի. 

Սատանա՛յ, ոտքիդ տակը բան մը կայ․
Կէսը քեզի, կէսն ալ ինծի։ 

Կարծես թէ այս ըսելով սատանային հետ ընդհանուր յայտարարի պիտի գայի եւ հաշտուէի, ու ան ալ ետ պիտի դարձնէր ինձմէ գողցած իրը։ 

Կը յիշեմ նաեւ թիւերու հետ կապուած կատակ-խաղիկը, զոր մեծ հայրիկս Խարբերդէն հետը բերելով փոխանցած էր նաեւ մեզի. 

Մէկ-երկու երկննաս,
Երեք-չորս չորնաս,
Հինգ-վեց վերանաս,
Եօթը-ութը ուրանաս,
Ինը-տասը տաճկընաս,
Տասնմէկին ճանճ ըլլաս, 
Տասներկուքին պատը փակիս։ 

Ու դերին մէջ մտնելով վերջին տողը լսելնուս պէս, իբրեւ ճանճ կը փութայինք պատը փակելու։ 

Երբ ինքնաշարժներու ճչակներու ձայնը ամբողջ թաղը լեցնէր՝ աւետելու համար հարս ու փեսային հոնկէ անցնիլը, անկարելի էր, որ պատշգամ վազելով չկրկնէինք հետեւեալը. 

Հարս ու փեսայ
Տընկլ փեսայ․
Մուկը փախաւ 
Ես չտեսայ։ 

Կամ՝

Ահա կու գայ հարսնցուն 
Ձեռքը մէկ սաթըլ մածուն։

Ասիկա հարսանեկան երգ է, որուն երկրորդ տունը մանկօրէն աղաւաղուած է՝ «Ահա կու գայ հարսնցուն, տեսէ՛ք ինչքան է սիրուն…»։ 

Ժողովրդական բառ ու բանը ընդհանրապէս հարուստ կ՚ըլլայ դարձուածքներով կամ  այլաբանական պատկերներով եւ կ՚արտասանուի առաւելաբար մտերիմներու շրջանակին մէջ։ Ընկերներով խաղացած ատեն, մանաւանդ, որքա՜ն շատ էին հոն արտասանուող բառ ու բաները։ Պահուըտուքի ժամանակ, օրինակ, որպէսզի փնտռողը չգուշակէ տեղը, հետեւեալը կ՚երգուէր. 

Տանձ ըսեմ՝ ելիր, 
Խնձոր ըսեմ՝ մի՛ ելլեր։

Յստակ է, որ պահուըտողներէն մէկը տանձն էր, իսկ միւսը՝ խնձորը։ Երբ փնտռողը խնձորին մօտենար՝ տանձին համար բռնուելու վտանգը կը նուազէր ու առիթ էր, որ ի՛նք վազէր եւ հասնէր նշանակէտին երկար «փի՜փ» մը պոռալով։

Դպրոցական խաղերէն էր նաեւ «Տոնտոնիքա մըշկինա» խաղիկը, որ օտարախառն երգ մըն էր։ Երկու հոգի դէմ դիմաց կանգնած՝ իրարու ձեռք կը բռնէին իբրեւ կամուրջ, ուրկէ պիտի անցնէին միւսները, մինչեւ որ երգը վերջանար։ Որո՛ւ որ կարգին վերջանար երգը՝ ան կ՚ըլլար պարտուողը.

Տոնտոնիքա մըշկինա մըշկինա մըշկինա
Դուն գողցեր ես ժամացոյց, ժամացոյց, ժամացոյց
Քեզ պիտի տանիմ մօտեքա, մօտեքա, մօտեքա
Ողջոյն, քեզ քոյ-րի-կըս։  

Այսպիսով  ընտրեալը կը զատուէր իբրեւ «քոյր» եւ ինք կը կենար այս անգամ կամուրջ կազմելու։ Այս խաղը յատկապէս աղջիկները կը խաղային ու կ՚երգէին։

Օտար խաղիկ էր նաեւ «Օ, էմալէ»ն, որ հաւանաբար ֆրանսական իշխանութեան օրերէն մնացած ու հասած էր մեզի. 

Օ՜, էմալէ, սոլ ֆա մի րէ
Էմալէ, էմալէ
Թրիքի թաք, թրիքի թաք
Էն, տէ, թղուա

Արաբերէնը եւս անմաս չէր մնար այդ արտասանուող խաղերէն։ «Սասուքի»ն սուրիական հեռատեսիլային մանկական ծրագիրի նշանաւոր հերոսներէն մէկն էր։ Պատանիներս կ՚երգէինք. 

Սասուքի
Սասուքի ֆօհ (վեր)
Սասուքի թահըթ (վար)
Սասուքի էմէ՜մ (առջեւ)
Սասուքի խէլֆ (ետեւ)
Սասուքի պօքս,
Սասուքի է՜ 

Այս վերջին բացագանչութիւնը արտասանած ատեն մատը աչքին կը տանէր իւրաքանչիւր խաղացող եւ աչքը լաւ մը բանալով կը վախցնէր դէմինը։ 

Առօրեայ խօսքը սովորաբար կը կրէ զրոյցի բնոյթ եւ կ՚ընթանայ հարց ու պատասխանի ձեւով։ Որքա՜ն ամօթով կը մնայի յաճախ, երբ պատանի տղաքը իրենց չարաճճիութիւններով հետեւեալ նոյնանման հարցումները կ՚ուղղէին մեզի. 
Երեք անգամ, շատ արագ՝ «աղ – չկայ – որ – ուտեմ», ըսէ ։
Ու եթէ առաջին անգամն է, որ կը լսես նման հարցում, կ՚իյնաս ծուղակը, որովհետեւ ծիծաղը կը փրթի, իսկ դուն կաս-կարմիր կտրած ուր պահուըտիլդ չես գիտնար հարկաւ, որովհետեւ միամտաբար «աղ-չկայ» բառակապակցութեան արագ կրկնումով յանկարծ անիկա «աղջկայ» բառին կը վերածուի…  

Ուրիշ մը՝
Նարինջին կէսը ինչի՞ կը նմանի։
– Ը՜։
Ու դեռ պատասխանիդ չսպասած՝ զայն կը փութացնէ.
– Միւս կէսին։ 

Կամ՝ 
– Պանիր հաց ըսէ։
– Պանիր հաց։
– Է գնա լաց։ 

Կամ՝ անձնանուններու ուղղուած յանգաւոր պատշաճեցումները։ Այստեղ պէտք է յիշել, որ հետեւեալները հայկական ժողովրդական «Կարմիր Ֆըստան» պարերգին հիմամբ ստեղծուած ասոյթներ են.  

Աղջիկ անունդ Մարի,
Հէլէ հէլէ հէլէ նիննոյէ,
Քեզ տեսնողը կը մարի։
Հէլէ հէլէ հէլէ նիննոյէ։

Տղայ անունդ Սարգիս, 
Հէլէ հէլէ հէլէ նիննոյէ,
Սալորին տակը սատկիս։
Հէլէ հէլէ հէլէ նիննոյէ։

– Վարդան՝
– Մուկերը վրադ կարդան։

Ալիս՝
– Եկուր նայէ իմ հալիս (վիճակիս)։

– Մինաս՝
– Մինարայէն վար իյնաս։

– Խորէն՝
– Ձայնդ կու գայ ախոռէն։

– Վաչէ՝
– Շունը վրադ կը հաջէ։

– Լուսին՝
– Քեզի պէտք է ամուսին։ 

Բանջարեղէնները եւս նիւթ էին բառ ու բանի։ Երբ գացած տեղէն ձանձրանար՝ պատանին կը կրկնէր.

Սոխ, սխտոր, մաղտանոս
Ինչ քաք կերանք եկանք հոս։

Նկատելի է, որ առօրեայ ոճը զերծ է ամէն պաշտօնականութենէ։ Հոն առկայ է անկաշկանդ լեզու մը երբեմն լի հայհոյանքներով, օտարաբանութիւններով, երբեմն անպատշաճ որակաւորումներով, բայց եւ այնպէս՝ համեմուած սրամտութեամբ եւ զուարճախոհութեամբ։ Ահաւասիկ օրինակ մը եւս.
– Ո՞վ է։ 
Եւ երբ դէմինը «ո՞վ է» կը կրկնէ.
– Քեզի պէս կարմիր կով է,-
կ՚ըլլար պատասխանը։

Դպրոցական օրերուն, սովորութիւն էր, նաեւ, յուշատետր պտտցնել. մանաւանդ  աղջիկները ունէին նման սովորութիւն։ Պէտք է ըսել, սակայն, որ այդ յուշատետրերու էջերը մեծաւ մասամբ կը կրկնէին ժողովրդական հետեւեալ խօսքերը

Ջուրը կը հոսի,
Աւազը կը մնայ․
Ընկերուհիս կը մեռնի,
Յիշատակը կը մնայ։

Երբեք ալ չենք մտածած, որ մարդ ընկերուհիին յուշատետրին մէջ «ընկերուհիս կը մեռնի» խօսքը կ՚ըսէ՞։ Ընդհակառակը՝ կը համարէինք, որ պատշաճ քառեակ մը կը նուիրէինք տիրոջ։ 

Եւ կամ՝ 

Ջուրը ալիք-ալիք,
Աւազը հատիկ-հատիկ,
Այսինչ ընկերուհիս մէկ հատիկ։ 

Եւ կամ նոյնիսկ՝

Ակ-ակ յիշատակ
Այսինչէն
Ասինչին։ 

Ժողովրդական բառ ու բանին մաս կազմող մանկապատանեկան բանահիւսութիւնը յաճախ նկատի  չ՚առնուիր, սակայն վստահ եմ, որ տակաւին ինչե՜ր ու ինչե՜ր կան հոն, որոնք կը վրիպին այժմ յիշողութենէս։ 

Աղբիւր՝ Հայերէն blog

Previous
Previous

WE ARE ALL ARMENIAN /Review

Next
Next

ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ «ԶԱՊԷԼ» ԵՒ «ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՅՐՈՂ ՍԻՐՏԸ» ՎԷՊԵՐՈՒՆ ՄԷՋ