ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆԻ «ՏԱՐՓԱՆՔ» ՀԱՏՈՐԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ
25 Յունուար 2025-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտահայ Կին Գրողներու հինգերորդ հանդիպումը, որ նուիրուած էր Մարուշ Երամեանի «Տարփանք» բանաստեղծութիւններու հատորին քննարկման։ Հանդիպումը սեղմ եւ օգտաշատ էր բոլորիս համար։ Հանդիպման ներկայ էին Թամար Պոյաճեան, Սիւզան Խարտալեան, Նորա Պարութճեան, Լեռնա Գարագիւթիւք, Շողեր Ալին Մարգարեան, Սօսի Միշոյեան, Քարէն Չթճեան (Presti) եւ հատորի հեղինակ՝ Մարուշ Երամեան։
Հանդիպումը ընթացաւ առաւելաբար հարցում-պատասխանի ձեւաչափով։ Երամեան բացայայտեց, որ իր բանաստեղծութիւնները գրուած են վերջին երկու-երեք տարիներու ընթացքին։ Ան նշեց, որ այս բանաստեղծութիւնները աւելի շատ գիրի եւ խօսքի փորձառութիւն են, քան կենսափորձի արտացոլում։
Հատորի «Գնչուհի Ձունոյ» ծածկանունի ընտրութեան մասին եղած հարցումին ան պատասխանեց, որ իր ծածկանունի
ընտրութիւնը կապուած էր «Ձունոյ» բառին հանդէպ ունեցած իր նախասիրութեան եւ քմահաճոյքին։ Իր խօսքի ընթացքին պարզ դարձաւ, որ այս ծածկանունը խորհրդանշական իմաստ ունի՝ նուրբ եւ անձնական, որ բանաստեղծութիւններու ընդհանուր մթնոլորտին յարմար կու գայ։
Կարդացուեցան շարք մը բանաստեղծութիւններ, որոնք բոլորիս ուշադրութիւնը գրաւեցին իրենց նրբերանգով եւ խորութեամբ։ Ահաւասիկ կարդացուած բանաստեղծութիւններէն մէկը.
Մարմինս ծարաւ էր ու յագեցաւ,
Բայց երբ մարմինս յագեցաւ,
Հոգիս անօթութենէն ոռնաց
ու մեռաւ։ (ՔԱՂՑ էջ 24)
Այս բանաստեղծութիւնը առիթ հանդիսացաւ խօսելու «Տարփանք» բառին խորհրդանիշերուն մասին։ Ոմանք բացատրեցին, որ «տարփանք»-ը կրակի եւ գիրի հրկիզումի խորհրդանիշ է, ուրիշներ՝ մարմինի եւ գիրի հրմշտուք։ Ասիկա նաեւ կը խորհրդանշէ այն հզօր ցանկութիւնը, որ կը մղէ զայն գրելու։
Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ բանաստեղծութիւններուն մէջ տեղ գտած բառերուն եւ արտայայտութիւններուն խորքին, ինչպէս «մորթ - ձայն - բառ - երակ - մերկութիւն - լոյս - ըլլալ ու չըլլալ…»։ Մասնաւորաբար շեշտուեցան հետեւեալ ձեւակերպումները. մարմինը բառ է, բառը՝ մարմին։ Բառերը սէր կ'ընեն, եւ նոր բանաստեղծութիւններ կը ծնին։
Անծանօթներ էին
Եւ տարօրէն մտերիմ
Պատահական հանդիպումէ յետոյ
Բառերը գրկընդխառնում
Լա՞ւ ես-ը համբոյր
Մնացեալը զուգաւորում միտքերու
Հեռուէ հեռու
Կտղուցի ձգտում (Անծանօթ էջ 29)
Տարփանքը անցում է ֆիզիքականէն դէպի մտային եւ ստեղծագործական փոխազդեցութիւն։ Կինը, ըստ Երամեանի, «կը սիրէ իր սրտով, արգանդով եւ միտքով»։ Յակոբ Օշականի այս մէջբերումը ընելով ան խոստովանեցաւ, որ Յակոբ Օշականի գիրքերու ազդեցութիւնը իր վրայ խորունկ հետք ձգած է։ Կնոջ ներկայութեան մասին խօսուեցաւ բաւական երկար։ Անդրադարձ կատարուեցաւ անտառի գաղափարին եւ այն մեկնաբանութիւններուն, որոնք կը շեշտեն կնոջ ինքնաճանաչողութեան ընթացքը։ Մարուշ բացայայտեց, որ անտառը վայր մըն է, ուր մարդը կրնայ երթալ եւ ինքզինքը ըլլալ։ Երբ կ'ըսուի, որ համբոյրին մէջ իրարու կը ձուլուի զոյգը, պէտք է ընդգծել, որ նաեւ ինքնաճանաչողութեան պահ մըն է այդ, երբ անձը ինքզինքը կը գտնէ եւ նոր լոյսի տակ կը տեսնէ։
Երբ հովը գայ
Տարերքներուն հոգիիդ
Անտառ դառնամ քեզ օրօրեմ համբոյրի (Ըլլամ էջ 24)
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ կնոջ բնոյթին յատուկ խորութիւնը։ Երամեան շեշտեց. «Կինը հակասութիւններով լի էակ մըն է. իր մէջ հակադրութիւնները կը ձուլուին ներդաշնակութեամբ եւ ան միշտ հակասութիւններէ կ'աճի ու կը զարգանայ»։ Ապա դիտել տուաւ, որ կնոջ այս բարդ ներաշխարհը մեծ դեր ունի իր ստեղծագործութեան մէջ, մանաւանդ երբ կ'արտայայտուի անցումային պահերու եւ յուզական փորձառութիւններու նկարագրութեան մէջ։
Մորթդ փնտռեցի մերկութիւնս ծածկելու
Ամբողջացում կերտելու։ (Անվերնագիր էջ 42)
Միտք արտայայտուեցաւ, որ կիները տակաւին այս դարուն կը տատամսին ազատ արտայայտուելու, կարծես հաշուետուութեան խնդիր մը ունին, երբ որ կը գրեն։ Տրուեցաւ հարցում, թէ ինչպէ՞ս կարելի է սահմանները կոտրել։ Իբր օրինակ բերուեցան Յակոբ Օշականի սեռային նկարագրութիւնները ու Մարուշ յայտնեց իր ընդվզումը, թէ ինչո՛ւ հայ կինը պիտի չկարենայ արտայայտուիլ, երբ տղամարդիկ այնքան մանրակրկիտ կրնան տալ կնոջ մը ներաշխարհը։ Ան անդրադարձաւ հայ կին գրողներու դերին, շեշտելով որ հայ կնոջ լեզուն պէտք է հարստանայ իր փորձառութիւնները արտայայտելով առանց կաշկանդումի։ Յիշուեցաւ նաեւ, որ հայ գրականութեան մէջ ունեցած ենք կին գրողներ, որոնք անդրադարձ կատարած են կնոջ ազատագրման գաղափարին, ինչպէս օրինակ՝ Սիրան Սեզայի «Մեղաւորին» վէպը, Զապէլ Եսայեանի «Սպասման Սրահին Մէջ» գործը։ Այս գործերը կը փորձեն ազատագրել միտքը՝ կոտրելով աւանդական ընկալումները։ Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ գրականութեան նպատակը գրական ճաշակ ձեւաւորելն է եւ ոչ թէ գռեհկաբանութեան տարածումը։
Մարմիններու մակարդակին զուարճանալ դիւրին է
Դժուարը այն մնացեալն է
Դէպի խորքը տանող սանդուխ
Ուր կարենաս կշռոյթովը ծնող կիրքին
Արշաւել
Դէպի մութը ստեղծիչ (Հեռու էջ 46)
Այս միտքէն մեկնած՝ անդրադարձ եղաւ հատորին մէջ տեղ գտած յունական դիցաբանական յղումներուն, եւ հարց տրուեցաւ, թէ արդեօք անոնք ուսուցողական բնոյթ կը կրե՞ն, տրուած ըլլալով որ ընթերցողը կը մղեն պրպտումի։ Այս հարցին Մարուշ պատասխանեց, որ ատիկա մանկութենէն եկած բան մըն է։ Երբ փոքր էր եւ մինակ կը մնար, գիրքը կ'ըլլար իր միակ ընկերը։ Այնքան կը կարդար, որ այդ անունները նստուածք կը ձգէին իր մէջ, եւ երբ պահը թելադրէր, անմիջապէս կը յայտնուէր այս կամ այն անունը՝ ըլլայ ատիկա յունական թէ հայկական դիցաբանութենէն։ «Այս կերպարները ներսս են, պարզապէս պէտք է ձայն տամ իրենց։ Ոչ մէկ ուսուցողական միտում կայ հոն, մանաւանդ բանաստեղծութեան մէջ»։
Իսկ օտար բառերու գործածութեան մասին անդրադարձ եղաւ ու քննարկուեցաւ այն պարագան, թէ արդեօք լատինատա՞ռ ձգել բառերը թէ հայատառ, կամ արդեօք գործածել զանոնք իբր օտա՞ր բառեր, թէ հայացնել։ Թեր եւ դէմ կարծիքներէ ետք Մարուշ յայտնեց որ Գատանսը որ երաժշտական եզրոյթ է, շատ աւելի լաւ պիտի հնչէ եթէ պահենք ինչպէս որ է, քան թէ օգտագործենք հայերէն համարժէք «վերջաբան»-ը, որ նոյն իմաստը պիտի չտայ։ Բանաստեղծութիւնը ներաշխարհ մը կ'արտայայտէ եւ պէտք է թողուլ բառերը նոյնիսկ եթէ օտար են անոնք։ «Ինչ որ կու գայ իբրեւ պատկեր՝ չեմ փոխեր, սակայն կարելի է շեղակի գրել», աւելցուց ան։
Ձայնդ
Կը սահի մորթիս վրայէն
Մուտքեր փնտռելով
Մինչ աղեղները մտածումին կը շոյեն ունկս
Կ'արթնցնեն երազ մը տամուկ
Կը թրթռան
կը բեկբեկին
կը մարին շնչասպառ սպառած
Գատանսի մը պէս որ կը ոլորուի ինքն իր
վրայ
կը վերսկսի
կը ծաղկի արշալոյսին հետ
Չի հոգար մոռացումները
Ինչպէս նօթաներուն մէջ մրափող մեղեդին
Որուն շունչը երեք օրէն աւելի կը տեւէ
Եւ միշտ յարութիւն կ'առնէ
Ամենափոքր շշունջին տակ
Նոյնիսկ եթէ միայն անունիդ մէկ տառը հնչէ
Ձայնիդ մէկ խազը թրթռայ
Բայց ո՞վ է որ մտաւ
եւ ուրկէ՞
Գուրգուրալու մազերակներս
Արթնցնելու յուշեր որոնք կարծես իմս չեն
Օրօրելու երջանկութեան մը մէջ
Ցանկացուած (Երաժշտութիւն էջ 18)
Քննարկման եզրափակիչ պահուն խօսուեցաւ ընթերցողին մասին։ Տրուեցաւ հարցում՝ արդեօք հեղինակը իր մտքին մէջ ունի՞ ընթերցողը, թէ ոչ։ Մարուշ պատասխանեց, որ բանաստեղծութեան պարագային ընթերցողը բացարձակապէս գոյութիւն չունի։ «Ես մէկու մը համար չեմ գրեր, ես կը գրեմ, որովհետեւ իմ սէրս լեզուին հետ է, բառերուն հետ եւ բանաստեղծութեան, եւ այդ սիրոյ մէջ ոչ ոք ներկայ է»։
Գրական հաճոյք պարգեւեց մեզի սոյն գեղեցիկ գործի վերլուծումը, ուր բացայայտեցինք բառերէն անդին բանաստեղծական թաքուն շերտեր։ Մարուշ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց, որ մակերեսային դիտարկումներէն անդին անցնելով՝ խորքային քննարկում կատարուեցաւ։