ԿՈՃ – ԿՈՃՂ – ԿՈՃԱԿ
Կաղանդը կը մօտենայ, կիները կոճղի տեսքով կարկանդակներ կը պատրաստեն ու կը զարդարեն իրենց սեղանները: Կոճղը, ինչպէս գիտենք, ծառարմատին վրայի մնացած հաստ մասն է: Կոճղ բառը սերած է կոճ արմատէն: Կոճ բառին եղ մասնիկը աւելնալով եղած է կոճեղ (ինչպէս թիկնեղ, մարմնեղ), ժամանակի ընթացքին սղած է ե-ը եւ մնացած է կոճղը:
Ըստ Աճառեանի, կոճը բազմիմաստ բառ մըն է: Կոճ կ’ըսուի գնդաձեւ փոքրիկ իրը, կոճ կ’ըսուին նաեւ բոյսերու վրայի գնդաձեւ ուռեցքները կամ մասերը: Անկէ ալ՝ կոճղէզ, կոճղիղ կամ կոճողէզ բառերը, որոնք բոյսերու տակի սոխին նշանակութիւնը ունին:
Բոյսերուն ծիլ տալու գործողութեան կոճկել կ’ըսեն, այսինքն՝ կոկոններ արձակել: Գրաբարէն ունինք՝ կոճակ առնուլ, որ ծլիլ կը նշանակէ: Բայերուն մէջ ունինք նաեւ կոճոպելը, որ կը նշանակէ ծառերուն աւելորդ ճիւղերը կտրատել:
Չմոռնանք կոճապղպեղը՝ մեզի ծանօթ զէնճէֆիլ հնդկաց բոյսը, որ որպէս դեղամիջոց եւ համեմունք կը գործածուի:
Կոճը արաբերէն عوج (եոճ) բառն է նաեւ, որ թեքի իմաստը ունի:
Կոճին ատ ածանցը աւելնալով կ’ըլլայ կոճատ եւ կը նշանակէ ծուռ:
Կոճին ակ ածանցը աւելնալով կ’ըլլայ կոճակ եւ կը նշանակէ.-
Ծառի կոճակ (արմատ), հագուստի կոճակ եւ մեղուաց կոճակ (մեղուներու գունդ):
Կոճակները մեր կեանքին մէջ կարեւոր դեր կը խաղան: Ինչքա՜ն կոճկուած անցուցած ենք պահեր… ուսուցչուհիները երբեմն օդային թել-ասեղ կու տային մեզի, որպէսզի կարէինք մեր բերանները: Այնքան ամուր կարեցինք ու թել-ասեղը օդը նետեցինք, որ կոճկուեցաւ մնաց խեղճ բերանը: Յետոյ ալ եկուր խօսք հասկցուր, թէ ինչո՛ւ սակաւախօս եղած ես, ինքնամփոփ: Հոսկէ ալ եկած է ժողովրդական դարձուածքը, որ կ’ըսէ՝ կոճակ ըրէ, կամ՝ կոճկուէ, այսինքն՝ լռէ՛ կամ ձայն մի՛ հաներ:
Կոճակով ունինք կոճկենիկ, կոճկուն եւ կոճկաւոր ածանցաւոր բառերը, որոնք կոճակներով զարդարուած զգեստի իմաստը ունին:
Կոճկէն պարեգօտ՝ կոճակներով թիկնոց:
Որպէս բարդ բառեր յիշենք՝ կոճակագործ, կոճակաձիգ եւ կոճակամայր բառերը: Կոճակամայրը այն բացուածքն է՝ օղակը, որմէ պիտի անցնի կոճակը:
Ամէն անգամ, երբ մեծ մօրս տունը կ’այցելէի, կը սիրէի բանալ այն մետաղեայ տուփը, որուն մէջ պահուած կ’ըլլային հարիւրաւոր գոյն-գոյն կոճակներ: Մեծ մամաս իւրաքանչիւր հինցած շապիկ կամ հագուստ թափելէ կամ մաքրութեան կտորի վերածելէ առաջ, մէկիկ-մէկիկ անոնց կոճակները կը հանէր եւ տուփին մէջ կը լեցնէր: Կը դիտէի մետաղէ, փայտէ, ոսկորէ եւ այլ նիւթերէ պատրաստուած տարբեր գոյնի եւ տարբեր չափի գնդաձեւ կոճակները:
– Պէտք կ’ըլլայ,- կ’ըսէր ամէն անգամ, երբ կը հարցնէի, թէ ինչո՛ւ այսքան կոճակ կը հաւաքէր:
Կոճակները պէտք եղած են վիճակախաղի ժամանակ եւս եւ մարդոց բախտերը բնորոշելու միջոց ծառայած են: Երբ ջրածաղիկներով լի կուժերուն մէջ տեսակ-տեսակ իրեր կը նետուէին, շատ անգամ կոճակներն ալ անմասն չէին մնար միւս իրերէն:
Ժամանակին, երբ այսօրուան ճարտարագիտական խաղերը գոյութիւն չունէին, փոքրիկները կոճակով ալ կը խաղային: Կոճակը թելի կ’անցնէին եւ երկու ափերուն մէջ առնելով կը մօտեցնէին ու կը հեռացնէին զայն՝ արագութեան մէջ կոճակաթելին հանած ձայնէն հաճոյք ստանալով:
Կոճակին եւ մարդոց յարաբերութիւնը՝ քանի մը տողով.
Մէկը շապիկին կոճակը կը կոճկէ, միւսը կոճկուած հարցը կրկին քննարկման սեղանին կը դնէ:
Մէկուն կոճակը մէկ թելի վրայ կախուած է, միւսին՝ կեանքը:
Մէկը կոճակը գտնելով կ’ուրախանայ, միւսը՝ հագուստը կը թափէ, չէ՞ որ մէկ անգամ հագած է եւ ամէն մարդ՝ տեսած:
Մէկուն համար կոճակը քակել է, միւսին համար՝ կոճակը քանդել:
Մէկը Կոճակ[1] կ’այցելէ, միւսին ոտքին կոճակը (ցցուած ոսկորը) կը ցաւի:
Փոքրիկին արջուկէ խաղալիքին աչքերը կոճակներ են, իսկ այլ մարդու մը աչքերը՝ կոճկուած:
Մէկը մօր կոճակը կտրող[2] մարդ է, միւսը պարզապէս՝ կոճակ տղայ:[3]
Մէկը կը կոճկուի՝ նկարին մէջ պաշտօնական երեւելու համար, միւսը շապիկը առանց կոճկելու կը նկարուի՝ նորոյթէն երեւելու:
Մէկուն կոճակը կը սեղմէ ու տաբատը պիտի պայթի, միւսին դժուարութիւնները կը նեղեն ու գլուխը պիտի պայթի:
Մէկը կը դժուարանայ կոճակները կոճկելու, միւսը՝ նիհարութենէն կոճակի պէտք չի զգար, որովհետեւ առանց քակելու գլուխէն կ’անցընէ:
Մէկուն կոճակը թուլցած է ու պիտի փրթի, միւսին կոճակը այնքան ձիգ է, որ վիզը խեղդելով լեզուն ալ կոճկած է:
Մէկը կոճակը կը կարէ, որ զգուշաւոր ձեւով նախաձեռնէ նոր բռնած գործին, միւսը՝ խօսքը կը կոճկէ, որպէսզի նոր ներս եկողը յանկարծ չլսէ իրենց խօսակցութիւնը:
Մէկը վերելակին կոճակը կը կոխէ, միւսը կոճակը կը սեղմէ:
Կոճակները կրնանք թուլցնել, դէմերնիս Կաղանդ է: Աղուոր կերուխում: Սակայն զգո՛յշ: Այս բոլորէն ետք, չըլլայ որ ձեր շապիկին առաջին կոճակը սխալ կոճկէք, որովհետեւ վերէն վար ծուռ պիտի երեւիք, բան մը, որ բոլորիս հետ ալ պատահած կրնայ ըլլալ: Ուստի յիշենք, որ «առաջին կոճակն է մի՛շտ կարեւորը»:[4] Առաջին քայլդ ճիշդ «կոճկէ», որպէսզի ամէն ինչ ինքն ըստ ինքեան հունի մէջ մտնէ:
[1] Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրում նահանգի Քղի գաւառակը նաեւ Կոճակ կը կոչուի:
[2]Կոճակով անէծք ալ ունի մեր ժողովուրդը, որ ագահ ու անկուշտ գողին համար կ‘ըսէ. «Մօր կոճակը կտրող մարդ է»:
[3] Կարճահասակ:
[4] Մէջբերում՝ Fubio volo-ի ասացուածքէն:
Աղբիւր՝ Հայերէն blog