Ձեռագրե՞լ թէ մեքենագրել / Նազանի Պարոնեան
Ինծի համար մեքենագրելը աւելի դիւրին է, որովհետեւ արագ է եւ աւելի դիւրութեամբ կրնաս գրածդ սրբագրել։ Եթէ բան մը կ՚ուզես աւելցնել կամ փոխել, պէտք չէ ռետինով ամեն բան ջնջես եւ նորէն գրես։ Համակարգիչը ուղղագրութիւնդ եւ քերականութիւնդ ալ կրնայ շտկել։ Ասոր համար կրնաս աւելի միտքերուդ մասին մտածել եւ գեղեցիկ երկար նախադասութիւններով գաղափարներդ բացատրել։ Ձեռքով գրելը միայն աւելի աղուոր կամ դիւրին կ՚ըլլայ, երբ քարտ մը կը գրես, կարճ բան մը գեղեցիկ ձեւերով կ՚ուզես գրել, կամ բան մը կը գրես, որ պէտք է յիշես։
ՄԱՔՈՒՐ / Թէյլըր Սուիֆթ
Երաշտը ահաւոր էր
Երբ միասին աճեցուցած ծաղիկները չորցան ծարաւէն
Ետ ու դարձ ամիսներ էին
Տակաւին ամբողջութեամբ կը կրեմ քեզ
Գինիով ներկուած հագուստի պէս. այլեւս չեմ կրնար հագնիլ
Գլուխս կախեցի երբ պարտուեցայ կռիւին
Եւ երկինքը սեւցաւ ինչպէս կատարեալ փոթորիկ։
Ընելիք բան չմնաց
Երբ փոշի դարձած թիթեռնիկները ամբողջ սենեակս ծածկեցին
Ուստի տանիքը ծակեցի
Հեղեղը թող տանի բոլոր նկարներդ
Թոքերս ջուրով լեցուեցան, բարձր ձայնով գոռացի
Բայց մէկը բան չլսեց։
Յորդ անձրեւին տակ
Կը խեղդուէի, ու վերջապէս կրցայ շունչ առնել
Եւ մինչեւ առտու
Քու հետքերդ անհետացան, ու վերջապէս մաքրուեցայ։
Տասը ամիս սթափ, պէտք է ընդունիմ
Մաքրուիլ չի նշանակեր չկարօտնալ
Տասը ամիս անց աւելի հասուն, պիտի չզիջիմ
Հիմա որ մաքուր եմ, ինքզինքս երբեք պիտի չվտանգեմ։
Թարգմանեց՝
Գոհար Պարոնեան
ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ — ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Պզտիկները փողոցը պզտիկ շուն մը գտան եւ իրենց տունը բերին։
Երէկ առաւօտ գետնայարկը իջայ եւ մարզանք ըրի։
Անցեալ շաբաթուան մէջ գիշեր մը ընկերներուս հետ միասին կերանք։
Քովիտէն շատ մարդիկ մեռան վերջին երեք տարուան մէջ։
Անցեալ երկուշաբթի հեռաձայնստունը մոռցայ. երբ դպրոց գացի, տեսայ որ դասարանս գոց էր. չկրցայ հեռաձայնել համալսարանի ոստիկանին։
Անցեալ Ուրբաթ բժիշկի գացի, որովհետեւ ձախ սրունքս կը ցաւի։ Սրունքս նկարեցին։ Բժիշկը ըսաւ, որ չեմ կրնար ոտքիս վրայ երկար ժամանակ կենալ, պէտք է նստիմ աթոռին վրայ երբ կ՚աշխատիմ դասարանը կամ խոհանոցը։
ՄԵՐ ԳԻՒՂԸ — ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Մեր տունը ունէր շատ գեղեցիկ պարտէզ մը, ուր մեծ մայրիկս ծաղիկներ կը մշակէր եւ հայրիկս իր սիրելի լոլիկները կը խնամէր։
Մեր փողոցին մէջ տասնվեց ընտանիքներ կը բնակէին, որոնցմէ ինն հայ ընտանիքներ էին։
Մեր քաղաքին մէջ շատ հայեր կային։Չորս հայկական եկեղեցի, երեք հայկական փուռ եւ երկու հայկական մշակութային կեդրոններ կային։
Ուոթըրթաունի արեւելքը հայկական գիւղի կը նմանէր. հիմա ալ կը նմանի։
Այս գիւղէն ուզեցի փախչիլ, բայց հիմա շատ գեղեցիկ յիշատակներ ուիմ Ուոթըրթաունի մասին։
«ԱՐԾԻՒԸ ԿԸ ՍԱՒԱՌՆէՐ» ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԻՆ ՇՈՒՐՋ - ԼԻՆՏԱ ԿԱՆՃԵԱՆ
Զապէլ Եսայեանին պատմուածքին մէջ արծիւը խորհրդանիշն է մարդոց միտքի եւ հոգիի ազատութեան։ Մէկը կրնայ մարդ մը բանտի մէջ նետել, բայց չի կրնար բանտարկել իր ներսը։ Եսայեանը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս արծիւը արհամարհութեամբ լեցուն՝ չընդունեց իր կացութիւնը. աչքերը փակ էին եւ գլուխը մխրճած էր կուրծքին մէջ։
Եսայեանը արծիւին մտքին մէջ կը մտնէ եւ իր երազները կը պատկերացնէ. սաւառնիլ «դէպի վերջալոյսները, սարերը, եւ անջրպետները»։
ՊԱՏԱՆԻ ՕՐԵՐ — ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ
Երբ պզտիկ էինք, յարկաբաժին կը նստէինք. անձնական տունի մէջ չէինք բնակեր։ Շէնքը շատ բարձր չէր, բայց լայն էր եւ գրեթէ բոլոր դրացիները պզտիկ ունէին։ Չկար օր մը, որ շէնքերուն մէջտեղ կամ դուրսի պարտէզներուն մէջ չգտնուէին պզտիկներ, որոնք ազատ կը խաղային։ Մեր ննջասենեակին պատուհանը կը նայէր այն պարտէզին, որուն մէջ կար օրօրոց մը։ Ես եւ քոյրս շատ կը սիրէինք օրօրուիլ։ Մեր գրասեղանը ճիշդ այդ պատուհանին տակն էր եւ մեզի արգիլուած էր դուրս ելլել մինչեւ որ դասերնիս վերջացնէինք։
Երբ որ դպրոցէն տուն կը վերադառնայինք, բոլոր միւս պզտիկները դուրս կը վազէին խաղալու։ Շատերուն ծնողները կ՚աշխատէին եւ մէկը չկար, որ անոնց արգիլէր։ Բայց մեր տունը մեծ մայր եւ մեծ հայր ունէինք եւ երբ տուն կու գայինք, միասին կը նստէինք ճաշելու։ Պէտք էր պատմէինք, թէ ի՛նչ սորվեցանք այդ օրը, որմէ ետք ալ պէտք էր որ նստէինք դասի։ Արագ-արագ կ՚ուտէինք, կը խօսէինք եւ կը նստէինք դասի։ Ի՜նչ չարչարանք էր լսել դուրսի խնդուքի բարձր ձայները։ Հազիւ դասի վերջին գիրը գրէինք, գիրքերը կը գոցէինք եւ դուրս կը վազէինք, որ մէկ վայրկեան չփախցնէինք հաճոյքը միւսերուն հետ օրօրոցին վրայ խաղալու։
3 Յունուար 2022
ԱՆՁՐԵՒ — ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Ամբողջ օրը կ՚անձրեւէ եւ հովը կը փչէ։ Երկինքը գորշ է տխրութեան գոյնին պէս։
Մանկութեան յիշատակներս տերեւներու պէս գետին վրայ կը ծփան։ Դէմքեր եւ վայրեր միտքիս մէջէն կ՚անցնին։
Իրիկունը վառարանը կը վառենք։ Բոցերուն մէջ շատ դէմքեր կը տեսնեմ։ Կորսուածները, չյիշուածները եւ մեռածները աչքերուս առջեւ կ՚երեւին։ Ուրուականներ չեն, այլ ապրող յիշողութիւններ։
Կրակը կը մարի եւ քնանալու ժամանակն է։ Քունիս մէջ ալ մոռցած բարեկամներուս կը հանդիպիմ։ Յաճախ մեծ մայրիկս իմ երազիս թագուհին է։
20 Դեկտեմբեր 2021
ԻՄ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ — ԼԻՆՏԱ ԿԱՆՃԵԱՆ
Ես երկու բաներու մոլի եմ. տուրմի եւ գրեթէ ամէն մարդու պէս՝ հեռաձայնի։
Ամէն առտու, նախաճաշ ուտելէն վերջ, կտոր մը տուրմ պէտք է ուտեմ։ Կենսանիւթ առնելու պէս է ինծի համար։ Կարծես թէ սննդական կարիքի մը կը ծառայէ մարմինիս մէջ։ Տուրմին տեսակը, զոր կը գնեմ, միշտ գոց գոյնի է եւ բարձր որակի։
Չնայած որ ամբողջ աշխարհը ամէն առտու գործի սկսելէն առաջ սուրճ կը խմէ, ես տուրմ կը նախընտրեմ։ Հակառակ սուրճին համը եւ հոտը հաւնելուս, չեմ կրնար խմել, որովհետեւ ջղագրգիռ կ՚ըլլամ եւ նոյնիսկ երակազարկս կ՚արագացնէ ան։ Ուստի սուրճին տեղը, տուրմ կ՚ուտեմ։
Հեռաձայնը աւելի վտանգաւոր մոլութիւն կը նկատեմ։ Մանաւանդ ընկերային ցանցերու հետեւիլը վնասակար մտածումներ եւ զգացումներ կը բերէ, կը կարծեմ։ Երբեք գոհ չեմ զգար Facebook կամ Instagram զբաղելէն վերջ։ Նոյնիսկ եթէ լուրջ յօդուած մը տեսնեմ, զոր ուզեմ կարդալ, չեմ կրնար կենդրոնանալ անոր վրայ։ Անշուշտ ուրախ կ՚ըլլամ կարդալով բարեկամներուս յաջողութիւներուն, անոնց արձակուրդներուն ու իրենց տաղանդաւոր զաւակներուն մասին, բայց երբեմն բնականօրէն կը նախանձիմ իրենց։ Դժուար է քու կեանքդ չբաղդատել ուրիշներու կեանքին հետ։
Ատիկա իր դրական կողմն ալ ունի անշուշտ։ Կ՚ուզեմ տեղեակ ըլլալ ընկերներուս եւ ազգականներուս կեանքին։ Եթէ ժխտական զգացումներ ունենամ՝ ինզինքիս կը յիշեցնեմ, որ մարդիկը իրենց կեանքին խմբագրած տարբերակը կը ներկայացնեն։ Իրենց իրական կեանքի բարդութիւնները երբեք պիտի չցուցնեն ընկերային ցանցերու վրայ։
20 Նոյեմբեր 2021
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՆ ՈՒ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ — ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ
Կան մարդիկ, որ կը սիրեն հետաքրքրուիլ արուեստագէտներու եւ գրողներու մոլութիւններով։
Կը սիրեն կարդալ անոնց վատ սովորութիւններու մասին, ինչպէս՝ անհաւատարմութեան, խմիչքի, հաշիշ ծխելուն եւ այլն։ Իմ աշակերտներս շատ աւելի լաւ կը յիշեն արուեստագէտի մը անձնական մանրավէպերը (anecdote), քան թէ անոր ստեղծագործութեան տարիները կամ խորագիրները։ Հասկնալի է չէ՞, որ շատախօսութիւնը (gossip) եւ բամբասանքը հետաքրքիր, խնդալիք կամ գայթակղեցուցիչ (scandalous) են. եւ ինչպէս որ կը սիրենք իմանալ նշանաւոր դերասաններու կամ գիտցուած մարդոց կեանքի վերիվայրումները, նոյնը կը վերաբերինք արուեստագէտներու հետ։
Բայց ես չեմ հաւատար, որ արուեստագէտները կամ գրողները ունին շատ աւելի մոլութիւններ, քան պարզ ժողովուրդը։ Ամէն շերտի մէջ կայ խմողը, ծխողը եւ կնամոլը։ Կրնայ ըլլալ որ կան արուեստագէտներ, որոնց գործը այդպէս կը թելադրէ։ Անոնք անձնասէր կ՚երեւին. ժամերով իրենց գործով զբաղած, ընտանիք կամ զաւակներու հանդէպ՝ անտարբեր։ «Անձնասէր»ի մակդիրը, սակայն, աւելի կ՚ուղղուի կին արուեստագէտներուն։ Շատ պատմութիւններ կան, ուր տղամարդ արուեստագէտ մը իր ընտանիքը կը ձգէ, կ՚երթայ իր գործերը առաջ տանելու եւ ոեւէ մէկը չի մտածեր, թէ ինչպէ՛ս իր կինը տունը խնամեց եւ ճաշ հայթաթեց անոր բացակայութեան։ Ընդհակառակը՝ անոր մասին կը գրեն որ խորասուզուած է, հանճար է, կամ նուիրուած է իր գործին։ Բայց, երբ որ կին արուեստագէտ մը իր գործով տարուի, շուտով մարդիկ կ՚ըսեն, որ անձնասէր կամ անհոգ մայր մըն է։ Մարդիկ չեն հասկնար, որ շատ անգամ կին արուեստագէտներ երկու բան միատեղ կը սնուցանեն՝ իրենց արուեստը եւ իրենց զաւակը։
20 Նոյեմբեր 2021
ANN ARBOR — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ
Իմ քաղաքս շատ մեծ չէ, միայն 120,000 բնակչութիւն ունի։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը ուսանողներ են։ Հոս բարձր շէնքեր չկան, բայց քանի մը թատրոններ կան։ Թանգարաններ կան, բայց շատ տպաւորիչ չեն։ Փողոցները շատ լայն չեն եւ շատ նեղ ալ չեն։ Իմ քաղաքս օդակայան չունի, բայց ուրիշ արուարձան մը ունի եւ միայն 30 վայրկեան կը տեւէ հոն հասնիլը։
Քաղաքին մէջ իմ ամենասիրած տեղս սրճարաններն են, որովհետեւ շատ ուսանողներ կան հոն։ Սրճարանները շատ են եւ տարբեր։ Մէկ հատը շատ պզտիկ է եւ համարկագիչ չես կրնար գործածել հոն։ Ուրիշ մը համով նախաճաշ ունի, բայց ժամերը տարօրինակ են։ Ամենասիրած սրճարանս ճաշ, սուրճ եւ գարեջուր ունի։ Ես ընդհանրապէս մեծ քաղաք կը սիրեմ, բայց այս քաղաքը լաւ է իմ բարձրագոյն կրթութեանս համար։
14 Նոյեմբեր 2021
ՄԱՐՄՆԻ ՄԱՍԵՐ — ԱՐՄԷՆ ԱՆՏԷՔԵԱՆ
- Ակռաներս կը խոզանակեմ։
- Ոտքերովս կը քալեմ ու կը վազեմ։
- Երկու ոտք ունիմ։
- Պէտք է մարզանք ընեմ, որ նիհարնամ. փորս շատ մեծցեր է։
- Իմ ստամոքսս կը ցաւի։ Կծու շատ կերայ։
- Փորս կը ղրղրայ. անօթի եմ։
7 Հոկտեմբեր 2021
ԵՍ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ Կ՚ԱՊՐԻՄ – ԱԼԻՆԱ ԱՆՏԷՔԵԱՆ
Ես Քալիֆորնիա կ՚ապրիմ։
Լէյք Ֆորէսթին օդը շատ մաքուր եւ մեղմ է։
Ամառը շատ տաք չ՚ըլլար եւ ձմեռն ալ շատ պաղ չ՚ըլլար։
Ովկիանոսը տասնհինգ վայրկեան հեռու է։
Երեք շաբաթօրեայ հայկական դպրոց կայ, մէկ ամէնօրեայ եւ երեք եկեղեցիներ կան Օրէնճ գաւառին մէջ։
7 Հոկտեմբեր 2021
ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ - ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ
Այս շաբաթ խոհանոցս մրջիւններ յայտնուեցան։ Կամաց-կամաց սկսան, միայն մէկ կամ երկու մրջիւնով։ Ճզմեցի բոլորը եւ խոհանոցը սրբեցի։ Ամէն տարի կու գան գարնան, բայց այս տարի քիչ մը ուշացեր են։Մտածեցի, որ Քորոնայի պատճառով անոնք ալ տունը կը մնան, բայց սխալած էի։
Յաջորդ օրը ելայ, որ սուրճին ջուրը դնեմ, տեսայ որ գրեթէ յիսուն մրջիւն ետեւ ետեւի կը քալէին պատուհանին տակ, ծորակին քովէն հասնելով մինչեւ սեղան։ Բոլոր ամանները շարժեցի, դեղ սրսկեցի եւ նորէն սրբեցի։ Այդ նոյն տեղը ճաշ կը պատրասեմ եւ դեղը թոյն է։
Կարծես թէ դեղին տեղ շաքար ջուր դրած ըլլայի, որովհետեւ քանի մը ժամ վերջ նորէն հարիւրաւոր մրջիւններ ելած էին։ Ասոնք ալ ջնջեցի նոյն կերպով։ Ամուսինս ինծի Քաջ Նազար կոչեց։
Ասանկ օրս անցուցի։ Վաղը պիտի երթամ ուրիշ դեղ գնեմ։
8 Յունիս 2021
ԻՍՖԱՀԱՆԻ ՄԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ - ՍԵՒԱՆ ՀՈԹԻԷՐ
Երբ Իսֆահան ճամբորդեցի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին այցելեցի։ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցայ քանի մը հայերու, որոնք առաջարկեցին զիս այցելել Արարատ ակումբ միասին տօնելու Հայաստանի անկախութեան տօնը։ Բարեկամիս հետ գացինք այդ ակումբը։ Մարզասրահին մէջ տարբեր անձեր ճառեր կու տային եւ ուրիշներ կ՚երգէին։ Յետոյ ելանք ակումբի սրահ բաներ մը ուտելու եւ խմելու համար։ Հոն ընկերացանք քանի մը անձերու, որոնք մեզ իրենց գիւղը հրաւիրեցին, ըսելով որ այդ շաբաթավերջ վարազ պիտի որսային։
Յաջորդ օրը Ճիփով գացինք։ Երկու ժամ առաւ ճամբորդութիւնը դէպի Բոլորան գիւղը, որ լեռնային շրջանի մը մէջ կը գտնուէր։
Այդ շրջանի տասնվեցերորդ եւ տասնեօթերորդ թաղերը լեցուն են վրացիներով եւ հայերով, որոնք տասնեակ գիւղեր հիմնած են։ Շահ Աբբասի կողմէն տարագրութեան ենթարկուածները եկած են Իսֆահան, ինչպէս նաեւ դէպի Շիրազ եւ Բոլորանի շրջաններ։ Դժբախտաբար, այսօր Բոլորանը վերջին հայկական գիւղն է, որ մինչեւ այսօր հայ բնակչութիւն ունի։ Երկու օր մնացինք երեք հիւրընկալներուն հետ, որոնք մեզի գիւղը եւ շրջանին բնութիւնը ցցուցին։
Այս կարճ արձակուրդին ամէնէն հետաքրքրական մասը վարազի որսն էր, որովհետեւ գիշերը ժամերով կենդանիներ փնտռեցինք, բայց ոչ մէկ հատ գտանք։ Սակայն ուրախ եղայ որ վարազները գոնէ լաւ գիշեր մը անցուցին։
31 Յուլիս 2021
ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺՍ — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ատամնաբոյժի գացի։ Ամէն վեց ամիս կը փորձեմ երթալ։ Իմ ատամնաբոյժս ծեր մարդ մըն է։ Մազը մոխրագոյն է եւ միշտ բժշկական բաց կապոյտ տարազ կը հագնի։ Եղունգները կարճ եւ մաքուր են։ Դէմքը միշտ ուրախ է, թէեւ ես բնաւ ուրախ չեմ զինք տեսնելով։
Ակռաներս միշտ խնդիր ունին։ Ամէն օր առտու եւ գիշեր կը խոզանակեմ զանոնք։ Ակռայի վրձինս ելեկտրական է եւ ձայն կը հանէ. երբ երկու վայրկեանը վերջանայ՝ մինակը կը կենայ։ Սակայն ատամնաբոյժս կ՚ըսէ, որ իմ լինտերս կարմիր են եւ աւելի լաւ պէտք է մաքրեմ։ Ատամնաբոյժի երթալու միակ սփոփանքս այն է, որ հոն ձրի ակռայի մածուկ (դեղ), ակռայի վրձին, եւ ակռայի թելիկ կու տան ինծի։
22 Յուլիս 2021
ԳՈՀԱՐԸ — ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Իմ ընկերոջս հօրաքոյրը՝ Գոհարը, զիս հրաւիրեց Զատկուան ճաշի։ Գոհարը Նիու Ճըրզի կը բնակի, Երուսաղէմ ծնած է եւ՝ Պուրճ Համուտ ապրած։ Ամուսինս եւ մեր երկու զաւակները ճամբորդած էին, իսկ ես մինակ պիտի ըլլայի Զատիկին. ուստի Հրաւէրը ընդունեցի։
Զատկուան առտուն կայարանը գացի եւ երբ հանրակառքի տոմսակը կը գնէի, մէկը հեռաձայնս գողցաւ։ Հանրակառք մտայ առանց հեռաձայնիս։ Գոհարին հասցէն ունէի, բայց հեռաձայնէս զատ ուրիշ քարտէզ չունէի եւ անոր քաղաքը չէի գիտեր։
Երբ կայարանը հասայ, օդը շատ տաք էր եւ չէի գիտեր, թէ ո՛ր ուղղութեամբ պիտի երթայի։ Ընտանիք մը, որ ինքնաշարժին մը մէջ էր, կեցաւ՝ տեսնելու համար թէ օգնութեան պէտք ունէի՞, թէ ոչ։ Գոհարին հասցէն իրենց տուի եւ զիս անոր տունը հասցուցին։
Գոհարը, ամուսինը, իրենց աղջիկները եւ թոռնիկները զիս բարով ողջունեցին։ Հիւրասենեակը նստեցանք եւ անոնք Պէրութի պատմութիւնը սկսան պատմել ինծի։
Ընթրիքի ժամանակն էր։ Սեղանին վրայ կերակուրներ կային։ Երբ առաջին պատառը առի, զարմացայ թէ որքան անհամ էր։ Ինչպէ՞ս կարելի էր, որ հայ կին մը ասքան գէշ խոհարար ըլլար։
22 Յուլիս 2021
ԻՄ ԴՊՐՈՑՍ — ԱՐԵԳ ԼԷՄՊԸՐԹ
Իմ դպրոցս պզտիկ է։ Հոն միայն 400 աշակերտ կայ։
Դպրոցիս քովը մեծ դաշտ մը կայ, ուր պասքէթպոլ կը խաղամ։ Դպրոցի մեծ շէնքին մէջ կան վեց դպրոցներ, որոնք ունին նոյն ճաշարանը եւ սրահը։ Երկրորդ եւ երրորդ յարկին վրայ երկու պէտքարան կայ։
Կը սիրեմ դպրոցս։
26 Յունիս 2021