ԼԻՃԵՐԸ — Թրգմ.՝ ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆԻ
ԹԷՅԼԸՐ ՍՈՒԻՖԹ
Երեւակայութիւն է բոլոր եղերերգութիւններուս զիս ներբողումը
Չեմ հանդուրժեր լկտի պատճէնները
Մարդորսները ձեռնահեռաձայնով.
Տար զիս այն լիճերը, ուր բոլոր բանաստեղծները գացին մեռնելու
Հոս չեմ պատկանիր, ոչ ալ դուն, սիրելիս։
Ուինտըրմըրի գագաթը լաւագոյն տեղն է լալու
Հոն կ՚երթամ, բայց ոչ առանց մուսայիս։
Աւարտելիք բաները մաշկիս տակ փորուած են
Սրտաճմլիկ ցաւի ալիքներու տեսքով։
Եկած եմ շատ հեռուէն դիտելու կարգ մը անուն վարկաբեկողներ
որոնք կ՚ըսեն, թէ ինչ արժէք ունին իմ բառերը։
Արշալոյսը կ՚ուզեմ եւ տխուր արձակագրութիւն
Կ՚ուզեմ դիտել ծաղիկը որ մերկ ոտքերուս վրայ կ՚աճի
Քանի տարիներէ ի վեր չեմ շարժած
Ու քեզ կ՚ուզեմ ճիշդ հոս։
Սառած հողէն կարմիր վարդ մը աճեցաւ
Եւ ոչ մէկը զինք twitter ի մէջ դրաւ
Մինչ կը լոգնամ ժայռափոր աւազաններուն մէջ
Աղիտալի սիրով անպարտելի վիշտով։
Տար զիս այն լիճերը, ուր բոլոր բանաստեղծները գացին մեռնելու
Հոս չեմ պատկանիր, ոչ ալ դուն, սիրելիս։
Ուինտըրմըրի գագաթը լաւագոյն տեղն է լալու
Հոն կ՚երթամ, բայց ոչ առանց մուսայիս
Ո՛չ, եւ ո՛չ առանց քեզի։
5 Յունիս 2021
ՏՕԳՍԱՆԸ — ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Յակոբ Օշականին «Տօգսան» պատմուածքին մէջ կը հանդիպինք անտուն եւ միամիտ Տօգսանին։ Պետիկ Տէտէն, որ գիւղացի մարդ մըն էր եւ զաւկի պէս կը սիրէր զայն, օր մը համոզեց Տօգսանը, որ պարապ մնալու տեղ, երթայ խոպան արտը փորէ։ Ան միեւնոյն ատեն խոստացաւ, որ երբ նոր արտ բանայ՝ պիտի կարգէ զայն։ Տօգսանը շատ հրճուեցաւ եւ վճռեց անպայման փորել արտը, որպէսզի կին մը ունենար։ Ան ամէն շաբաթ եւ ամէն օր երազելով աշխատեցաւ։ Սակայն պատմութեան վերջը, երբ ժայռը փլելը վտանգաւոր եղաւ, Պետիկ Տէտէն զգուշացուց եւ խնդրեց, որ ան դադրեցնէ այս գործը եւ գիւղ վերադառնայ, բայց Տօգսանը ինչպէ՜ս դադրեցնէր իր երազը։ Ուստի ամէն գնով շարունակեց եւ մտիկ չըրաւ Տէտէին ու ինկաւ փոսը։
Իմ կարծիքովս Տօգսանը վտանգը չտեսաւ, որովհետեւ նպատակը շատ բարձր էր իրեն համար։ Կը կարծեմ, որ սխալը շռայլուած խոստումն էր, որուն պատճառով Տօգսանը իրականութենէն կտրուած երազային ապրումներու մէջ մտաւ եւ երբեք դուրս չելաւ անկէ։
Շատ աղուոր պատմութիւն էր եւ տալիք դաս ունէր։
18 Մայիս 2021
ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ — ՍԵՒԱՆ ՀՈԹԻԷՐ
Մեր հասարակութիւնը երկու պառակուած կողմերու բաժնուած է։
Բամբասանքներուն համաձայն ան դիւրագրգիռ է եւ անփորձ։
Տուրքերը աւելցնելու փոխարէն, հանրային ծախսերը քիչցուց։
Պնդեցինք, որ մեկնէր։
Փոխանակ նոր ծրար մը ստեղծելու, պակասաւոր գաղտնագիրը փոխեց։
Հաշտութեան ընթացքը գիւղացիներուն նպաստաւոր է։
Դիպուածաբար հակառակորդիս հանդիպեցայ։
Իր կերպարանքը խորշելի էր։
Այս գիրքը ձանձրացուցիչ է։
Խորհրդատուութեան ընթացքին բնաբուժը ինծի խրատներ տուաւ։
Տեղեկագիրիդ բովանդակութիւնը վհատեցուցիչ է։
18 Մայիս 2021
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ
Երբ պզտիկ էի, քաղաքականութիւն չէի սիրեր։Կը խորհէի, որ միայն մեծերը եւ միայն տղաքը քաղաքականութիւն կը սիրէին։ Ուշ գիշերները հայրս եւ իր ընկերները կը վիճէին քուարկութեան կամ քաղաքագէտներու մասին։ Մայրերը սեղանները կը մաքրէին եւ իրարու աչք կ՚ընէին իբրեւ նեղանալու նշան, որովհետեւ անոնք միշտ նոյն նիւթերու մասին զրոյց կ՚ունենային։
Հիմա աւելի չափահաս եմ եւ ես ալ քաղաքականութեան մասին կը սիրեմ խորհիլ։ Բայց հօրս հին մտածելակերպը չեմ սիրեր։ Հայրս կը խորհի, որ մէկ քաղաքական կուսակցութիւնը միշտ նիւթապաշտ է, իսկ միւսը՝ միշտ բարի։ Ես անանկ չեմ խորհիր։ Կը կարծեմ, որ ամէն կուսակցութիւն ազնիւ եւ անազնիւ անդամներ ունի։ Ես ընդհանրապէս քուէ կու տամ ժողովրդավարական կուսակցութեան, բայց քուէ չեմ տար մէկու մը, որ անազնիւ կը կարծեմ։
Հիմա, որ մեծցայ, կը հասկնամ որ դիւրին է խօսիլը, բայց դժուար է ընելը։ Շատ քաղաքագէտներ համերաշխութեան մասին կը խօսին, բայց միայն մի քանին կրնայ համերաշխութիւն ստեղծել։ Քաղաքագէտներ շատ կը հակաճառեն իրարու եւ երբ որ կը հակաճառեն՝ ոչ ոք կը շահի։
ԶԱՏԻԿԸ — ԱՐԱՄ ԲԱՐՆԱԿԵԱՆ
Զատիկը շատ գեղեցիկ եւ հետաքրքրական է։ Պահքէն առաջ կը սկսի Բուն Բարակենդանը եւ ես միշտ սիրած եմ այս օրը, որովհետեւ շատ համով ճաշ կ՚առնէինք եկեղեցիէն, ուր միշտ խճողուած կ՚ըլլար։ Քանի մը շաբաթ յետոյ «Անառակ որդի»ի կիրակին է։ Այդ օրը կը սիրեմ, որովհետեւ պատմութիւնը շատ լաւ իմաստ ունի։ Ան ընտանիքի եւ երկու եղբայրներու մասին է։ Մէկ եղբայրը շատ բարի է, իսկ միւսը՝ չար։ Ան հօրմէն դրամ առաւ եւ աշխարհը պտտեցաւ, ուսումնասիրեց եւ քանի մը տարի վերջ վերադարձաւ առանց դրամի, բայց հայրը նորէն ալ ընդունեց զինք եւ մեծ խրախճանք ըրաւ իրեն համար։
Պահքի ժամանակ ես միշտ բանէ մը կը հրաժարէի, որովհետեւ կիրակնօրեայ դպրոցը կը ստուգէր մեզ։ Վերջերս, միայն միս չեմ ուտեր Ուրբաթ օրերը։ Դեռ կը սորվիմ հայկական աւանդութիններ եւ ամէն տարի նոր բան մը կը գիտնամ. օրինակ՝անցեալ տարի սորվեցայ չորէկ շինել, իսկ այս տարի սորվեցայ «փուշ- ա-պսակ» բարդ բառը:
ԱՐԵԳԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ 2 — ԱՐԵԳ ԼԷՄՊԸՐԹ
Առաջին նկարին մէջ տղայ մը եւ աղջիկ մը կարմիր արջուկը կ՚ուզեն։
Երկրորդ նկարին մէջ աղջիկն ու տղան արջուկը կը բռնեն։
Երրորդ նկարին մէջ աղջիկն ու տղան արջուկը կը քաշքշեն։
Չորրորդ նկարին մէջ արջուկին ձեռքը կ՚ելլէ։
Անոնք պէտք չէ կռուէին, այլ պէտք է խօսէին եւ համաձայնէին։
ԶԱՏԻԿ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Ամէն տարի, Զատիկէն առաջ մեծ մայրիկս ինծի եւ քրոջս համար նոր հագուստ, փայլուն կաշիէ կօշիկներ, ճերմակ բամբակէ ձեռնոց եւ Զատկուան յատուկ գլխարկ կը գնէր։
Այդ առաւօտ, ես եւ քոյրս կանուխ կ՚արթննայինք, որ պարտէզին մէջ կարմիր հաւկիթ փնտռէինք։ Գիշերը մինչ մենք կը քնանայինք, Զատկուան նապաստակը կարմիր հաւկիթ, շաքար եւ պզտիկ խաղալիք կը պահէր պարտէզին մէջ։ Պզտիկ նուէրներ կը դնէինք մեր կողովին մէջ։
Տարի մը ծնողներս ինծի նապաստակ տուին։ Պարոն Պապաստակ կոչեցի զայն։ Ափսոս դրացիին շունը նապաստակս կերաւ։
Մենք մեր նոր հագուստը կը հագնէինք, որ եկեղեցի երթայինք։ Մեր պատուելին իւրաքանչիւր կնոջ զատկաշուշան կու տար, նաեւ ամէն մէկ մանուկի շոքալայէ նապաստակ։
Տուն կը դառնայինք, որ Զատկուան ճաշը ուտէինք եւ հաւկթախաղ խաղայինք։ Ամէն տարի հայրս կ՚ըլլար շահողը, մինչեւ որ իր գաղտնիքը սորվեցայ եւ ես ալ շահող եղայ։
25 Մարտ 2021
ԻՄ ԶԱՏԻԿՍ - ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Զատկուան շաբաթը կը սկսի գնումով։ Ես կը գնեմ ալիւր, հաւկիթ, կարագ, կաթ եւ սպանախ։ Նախ մածուն կը շինեմ սպանախով ճաճըխին համար։ Ասիկա Մալաթիային օրէնքն էր։ Կարագով բրինձ եւ սպանախով ճաճըխ կ՚ուտէինք Շաբաթ օրուան ընթրիքին։ Միսն ու փախլաւան կրնայինք ուտել Կիրակի օրը։
Մայրս իր ձեռքովը Սու պէօրակ եւ փախլաւա կը շինէր։ Կ՚եփէր զանոնք ոչ թէ փուռին, այլ պարտէզին մէջ գտնուող յատուկ օճախին մէջ՝ ինչ ալ ըլլար օդը, ապա խնամքով կը շարէր զանոնք յատուկ ափսէի մը մէջ ։
Ես կ՚եփեմ հաւկիթները սոխի կեղեւներով հինգշաբթի առտու։ Ուրբաթ հաւկիթ ներկելը մեղք կը համարուէր։Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէր Յիսուսի արիւնը եւ հաւկիթը կը խորհրդանշէր Յիսուսի Յարութիւնը։
Հաւկիթները ներկած ժամանակ, միեւնոյն ատեն մեծ կաթսայի մը մէջ կը խառնեմ սպանախն ու մածունը։ Յաջորդ օրը անգամ մըն ալ մածուն կ՚աւելցնեմ։ Ապա ոսպ կ՚եփեմ, որ կը նշանակէ Յիսուսին արցունքները։
Եկեղեցի երթալէս առաջ երկու տեսակի չէօրէկներուն բաղկացուցիչները կարգի կը դնեմ։ Աւագ հինգշաբթի օր, Ոտնլուայէն յետոյ, ոսպ կ՚ուտենք համայնքին հետ։ Մեծ կաթսայով ոսպ կ՚եփի։Վերջապէս խաւարումը կը սկսի։ Ուշ ատեն կը վերադառնանք տուն։
Չէօրէկին խմորը կը շաղեմ մաստակով եւ մահլէպով։ Ուրբաթ առտու կը ձեւաւորեմ խմորը, ապա ամբողջ օր կ՚անցընեմ եփելով։ Գիշերն ալ եկեղեցի կ՚երթամ թաղումին մասնակցելու։
Շաբաթ կէսօրէ վերջ չէօրէկները կը բաշխեմ դրացիներուս եւ ընկերներուս։
Եկեղեցի կ՚երթամ ճրագալոյցի գիշերը։ Չէօրէկն եւ հաւկիթը հետս կը տանիմ։ Պատարագը երբ վերջանայ, կը մէկտեղուինք սեղանին շուրջը կ՚ուտենք եւ կը խօսինք ու իրարու կը հարցնենք թէ արդեօք չէօրէկը համո՞վ է, թէ ոչ։
Եթէ Շաբաթ իրիկուն հիւր ունենամ, ձուկ կ՚եփեմ, որ կը նշանակէ առատութիւն եւ օրհնութիւն։ Միս արտօնուած չէ, ձուկով կը սկսինք։
Կիրակի օրը կ՚անցընենք հեռաձայնով եւ կը խօսիմ ազգականներուս հետ։
25 Մարտ 2021
ԳԱԶԱԿ, ՄՈՒՃԱԿ, ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Աղջկաս համար գազակ մը կը կազմեմ։ Կանաչ բուրդէ թելը շատ գեղեցիկ է եւ հիւսելը տեսակ մը խոկում է։ Երբ կը հիւսեմ, շատ յիշատակներ միտքս կու գան։ Պատկերները կը հոսին ջուրին վրայ ելլող տերեւներուն նման։
Կարմիր բուրդէ մուճակ կը տեսնեմ։ Մեծ մօրս ձեռքերուն մէջ միլերը արագ-արագ կը շարժին։ Ան ինծի համար մուճակներ կը հիւսէ։
Յանկարծ Ստամպուլի պազարն եմ։ Մէկ Կրպակի մը ապրանքներուն կը նայիմ։ Սեղանին վրայ մուճակներ կը տեսնեմ։ Այս մուճակները եւ մեծ մօրս մուճակները իրարու կը նմանին ճշդիւ։
24 Փետրուար 2021
ԱՐԵԳԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ — ԱՐԵԳ ԼԷՄՊԸՐԹ
Տղայ մը գող տեսաւ եւ ոստիկանին հեռաձայնեց ու ըսաւ որ հոս գան, քանի որ գող կայ։ Ոստիկանը շատ արագ եկաւ եւ գողը բռնեց։
Արամը շուն մը ունի, որ շատ աղտոտ է։ Ան օճառը կ՚առնէ եւ կը սկսի լոգցնել։ Վերջը շունին վրայ փրփուր կ՚ըլլայ։ Շունը շատ մաքուր է հիմա։ Արամը կը շոյէ։
ՇՈՒՆԻԿՍ — ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
15 Դեկտեմբերին, մամաս Հայաստանէն Ամերիկա պիտի վերադառնար։ Շատ անհամբեր կը սպասէի, որովհետեւ երկու շաբաթ չէի տեսած զինք։ Մինչեւ որ օդանաւակայան հասանք՝ ժամը 1 1:30 եղած էր։ Ներս մտանք եւ կէս ժամ մը սպասեցինք։Մարդ մը կար կարծես KGB կ՚աշխատէր, որովհետեւ ամէն ինչին կը նայէր եւ տարօրինակ կ՚երեւէր։ Վերջապէս մայրս դուրս ելաւ եւ տեսայ որ ամէն ճամպրուկներուն տակը պզտիկ կենդանիի վանդակ մը կար. նայեցայ մէջը եւ տեսայ որ շունիկ է։ Յետոյ տուն տարինք զայն եւ անունը կայծակ դրինք։Առաջին մի քանի օրը տունին մէջը աղտոտեց, բայց հիմա վարժուած է դուրսը ընել։ Ամէն անգամ, երբ իր անունը կանչեմ՝ վազելով քովս կու գայ։ Միշտ կը սիրէ հետս խաղալ. չէ՞ որ իր եղբայրն եմ։ Շատ խելացի շուն մըն է կայծակը, որովհետեւ արդէն նստիլ սորված է։ Դուրսը շատ կը սիրէ խաղալ իր ֆրիզպիով (ամանէ խաղալիք)։
2 Փետրուար 2021
ՇՈՒԿԱՆ ԱՅՍՕՐ— ԱՐԱՄ ԲԱՐՆԱԿԵԱՆ
համաճարակ-գոհարեղէն-նպարեղէն-սննդարար-բանջարեղէն-վաճառող-դրամ ծախսել- դրամ վատնել- դրամ խնայել - զեղչ
Շուկան շատ տարբեր է հիմա, մանաւանդ որ համաճարակի օրերը կ՚ապրինք: Ժողովուրդը դրամ չունի ծախսելու եւ շքեղ բան չի կրնար գնել: Օրինակ, գոհարեղէններու համար դրամդ պէտք է չվատնես, բացի եթէ զեղչ կայ: Կարեւոր է, որ յաճախ գնես նպարեղէններ, մանաւանդ եթէ ընտանիք ունիս: Այսպէս դրամ կը խնայես, որովհետեւ աւելի աժան է, քան ճաշարանը: Բայց պէտք սննդարար ու թարմ նպարեղէններ գնես, ոչ թէ խմորեղէններ կամ անուշեղէններ: Եթէ մեծ խանութ է, կրնայ ըլլալ որ չես գիտեր, թէ ուր դրուած են բանջարեղէնները կամ փայտը, որ պէտք ունիս տան վառարանիդ համար: Եթէ հարցում ունենաս՝ վաճառողը կրնայ օգնել քեզի:
2 Փետրուար 2021
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ
Երբ պզտիկ էի, մեծ տօնախմբութիւններ կ’ունենայինք մեր տունը։ Իմ հինգերորդ ծննդեան տարեդարձիս գրեթէ ամբողջ կրկէս մը մեր տունը եկաւ։ Խամաճիկը մեծ կարմիր քիթ ունէր եւ խոշոր կարմիր կօշիկ։ Ան փուչիկներ փչեց եւ փչեց մինչեւ որ ամէն պզտիկ փուչիկէ գլխարկ ունեցաւ։ Վերջը կենդանիները եկան. ձիեր, ոչխարներ, այծեր։ Ես ձիուն վրան նստեցայ եւ հայրս իմ քովս մնաց որպէսզի չիյնամ։
Իմ ծնողներս տօնախմբութիւն շատ կը սիրեն, որովհետեւ շատ հիւրասէր մարդիկ են։ Զատիկին, մայրս միշտ հաւկիթ կ՚եռացնէր եւ յետոյ մենք կը ներկէինք։ Մեծմօրս հետ «թըխ-թըխ» կը խաղայինք հաւկիթներով։ Կաղանդին մեծ խրախճանք կ՚ունենայինք մեր տունը։ Ընթրիքէն վերջ պզտիկները շարժանկար կը դիտէին եւ մեծերը երեկոյթ կ՚ունենային գինիով եւ գարեջուրով։
2 Փետրուար 2021
ԱՐՑԱԽԻ ՎԻՃԱԿԸ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Ես կը կարծեմ որ Արցախին վիճակը շատ վհատեցուցիչ է։ Արցախը շատ կարեւոր տեղ մըն է Հայերուն համար, քանի որ հայեր կ՚ապրին հոն եւ Շուշին կարեւոր կեդրոն էր։ Երբ լսեցի որ պատերազմ մը կար, շատ տխրեցայ։ Շատ զինուորներ մեռան որ պաշտպանեն մեր երկիրը, կարծես թէ չէր բաւեր այդքանը, մերին հողերէն ահագին տարածքներ տուինք։ Ինչու այսպէս եղաւ։ Առանց այդ հողերուն աւելի պզտիկ եւ վիրաւոր դարձանք։
16 Յունուար 2021
ԿԱՂԱՆԴԸ- ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Երբ պզտիկ էի Կաղանդը լաւագոյն տօնն էր։ Ամէն տարի եկեղեցին կաղանդի ներկայացում կը պատրաստէինք։ Տարի մը Մարիամ Աստուածածին խաղացի, ուրիշ տարի մը հրեշտակ եղայ։
Ամէն խթման գիշեր մօրաքրոջս տունը կ՚երթայինք։ Քնանալէ առաջ մօրաքրոջս զաւակները, քոյրս եւ ես սեղանին վրայ կարկանդակ եւ գաւաթ մը կաթ կը դնէինք, նաեւ՝ հիւսիսային եղջերուներու համար ստեպղիններ կը դնէինք։ Երբ Կաղանդ Պապան հասնէր, ան կը գտնէր այս պարգեւները եւ կաղանդի ծառին տակ մեր նուէրները կը դնէր, նաեւ՝ մեր կաղանդի գուլպաները շաքարով եւ պզտիկ խաղալիքներով կը լեցնէր։ Առտուն, շատ կանուխ կ՚արթննայինք, որովհետեւ կաղանդի գուլպաները տեսնելու շատ անհամբեր էինք։
Ամբողջ մօրս ընտանիքը Ֆլօ Թանթիկին տունը կը հաւաքուէր։ Մայրս տասնեօթը քոյր եւ եղբայր ունէր. ուստի մեր կաղանդի հաւաքոյթին շատ բազմութիւն եւ աղմուկ կ՚ըլլային։ Քոյրս եւ ես միշտ շատ-շատ նուէրներ կը ստանայինք։
Ճաշէն ետք մայրս, հայրս, քոյրս եւ ես մեր տունը կը դառնայինք։ Այն ատեն մեծ մայրս եւ հօրեղբայրս մեզի կ՚այցելէին եւ մենք աւելի նուէրներ կը բանայինք։ Պզտիկ ընթրիք կ՚ուտէինք եւ քոյրս եւ ես նոր պուպրիկներով կը խաղայինք։
16 Յունուար 2021
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ- ԷԼԻԶ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի երկու տարուան վարչապետ է։ Երկու ամիս առաջ Ատրպէյճանը Արցախ ներխուժեց։ Նիկոլը «յաղթելու ենք» ըսաւ անոնց, բայց Ատրպէյճանը Արցախի եօթանասուն տոկոսը գրաւեց, շատ զինուորներ մահացան եւ բաւական արցախցիներ իրենց հողերէն հեռացան։
Հիմա հայերը Նիկոլին չեն վստահիր։ Անոնք չեն ուզեր, որ Նիկոլը վարչապետ մնայ։ Մարդիկ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն, իսկ Նիկոլը իրենց կը սպառնայ՝ հրամայելով յաջորդ ընտրութիւններուն սպասել։
Շատ մարդիկ իր որոշումին հակառակ են։
Կը մաղթեմ, որ Հայաստանի խաղաղութիւնը վերադառնայ։
11 Դեկտ. 2020
ԼՈՒՐԵՐԷՆ ԴԱԴԱՐ - ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ
Ամէն առտու ժամը վեց ու կէսին ձայնասփիւռով կ՚արթննամ։ Կէս ժամուան մէջ, հաղորդավարը վերջին լուրերը կը յայտնէ եւ ես դեռ անուշ քունին մէջ կ՚իմանամ աշխարհին աղէտները, փորձանքները եւ տառապանքները։
Կ՚ելլեմ, կը լուացուիմ, սուրճին ջուրը կը դնեմ եւ դուռին առջեւէն թերթը կը բերեմ։ Սուրճ եփելու ժամանակ կը կարդամ առաջին էջը՝ «պատերազմ, կրակ, հիւանդութիւն»։
Տաք-տաք սուրճս բռնած՝ կ՚երթամ գրասենեակս, որ գործերուս սկսիմ։ Համակարգիչը կը բանամ եւ համացանցի յայտարարութիւնները գիրկս կը թափին - ծանր զրոյցներ, ահաւոր տեղեկութիւններ։
Վրաս ճնշում կու գայ։ Ո՞վ կը դիմանայ։
Կ՚ելլեմ պատուհանէն դուրս կը նայիմ եւ Աստուծոյ հրաշքները կը դիտեմ։ Արեւի ճառագայթները առտուն վարդագոյն կ՚երեւին եւ արագ մը կը փոխուին մաքուր դեղին լոյսի։ Ամպերը իրենց ձեւերը կը փոխեն, կամաց մը կ՚երկարին մինչեւ որ կ՚անյայտանան։ Թռչունները կը ցատկռտեն խոտին վրայ, կը խմբուին եւ յանկարծ ներդաշնակ վեր կը սաւառնին։
Որոշեցի ձայնասփիւռին կայանը փոխել, որ առտուները երաժշտութիւնով արթննամ։ Հիմա երբ սուրճ կ՚եփեմ, թերթը դուրսը կը ձգեմ։ Գրասենեակս երթալէ առաջ, կը կանգնիմ պատուհանին դիմաց եւ սուրճս հոն կը խմեմ։
Յայտարարութիւնները, քաոսը, պոռալ կանչելը պիտի անվերջ մնան, բայց ես պէտք չունիմ աչքս բանալուս պէս անոնց նայելու։ Թող գէշ լուրերը սպասեն։ Նախ աչքերս գեղեցկութիւնով լեցնեմ։
8. Դեկտեմբեր 2020
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՅ ՄՆԱԼ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Հայ ըլլալը երբեմն դժուար կրնայ ըլլալ երբ սփիւռքահայ ես։ Քանի որ երբ օտար երկրի մէջ կ՚ապրիս շատ հայ չկայ։ Եւ քանի որ շատ հայ չկայ, օտարներու հետ կ՚անցընես ժամանակդ։ Բայց բաներ կան, զորս կրնաս ընել որ դժուար չըլլայ։ Առաջինը այն է, որ տունին մէջ հայերէն խօսիս։ Եթէ հայերէն խօսիս տունը, ինքնութիւնդ պահելը կը դիւրանայ։Նաեւ՝ ընթերցանութիւնը շատ կ՚օգնէ, որպէսզի հայերէն բառեր սորվիս եւ ճիշդ խօսիս։ Եթէ հայերէն չես կրնար խօսիլ տունը, այն ատեն հայկական եկեղեցի կամ դպրոց գնա, որպէսզի գոնէ սորվիս շարականներ, հայոց պատմութիւն, կարդալ, ուղղագրութիւն եւ քերականութիւն։ Որպէսզի մարդ հայ մնայ սփիւռքի մէջ, պէտք է ջանք թափէ եւ աշխատի։
5 Դեկտեմբեր, 2020
ԱՇՈՒՆ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Հոկտեմբեր է: Մարգին մէջ վեց տեսակի երկնատունկեր կը փթթին։ Սկիւռները կը վազվզեն վայրի կաղիններ փնտռելով։ Ծառերը լի են պզտիկ թռչուններով։ Տերեւները գոյն կը փոխեն։ Բլուրները դեղինով, նարինջով եւ կարմիրով կը զարդարուին։
Հոս շատ հանդարտ է, բայց հեռուէն լուրը շատ սոսկալի կու գայ։ Նորէն հայ ժողովորդը պատերազմ եւ տառապանք կ՛ապրի։ Սփիւռքահայերը շատ անհանգիստ են։ Ի՞նչ կրնանք ընել։
4 Նոյեմբեր 2020
ՔԱՂԱՔ - ԱՐՓԻ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ
Քաղաքին մէջ մեթրօ, բարձր շէնքեր, լայն եւ նեղ փողոց, ինքնաշարժներ, օդանաւ, նաւ, թաքսի, հանրակառք, շատրուան, հրապարակ, թանգարան, դպրոց, թատրոն, հանրային պարտէզ, խաղավայր, եկեղեցի, ճաշարան, սրճարան, եւ համալսարաններ կան։
հանրային պարտէզ = public garden= park
խաղավայր = playground
շատրուան= fountain
հրապարակ = square
համալսարան = university
I go to the university by metro.
Ես համալսարան կ՚երթամ մեթրոյով։
I go to park by bicycle.
ես հանրային պարտէզ կ՚երթամ հեծիքով։
I see high buildings from the wide streets.
Բարձր շէնքեր կը տեսնեմ լայն փողոցներէն։
4 Նոյեմբեր 2020